Սիսեցի գաղթական հայերու ճիգերով, 1930-ին կառուցուեցաւ փայտաշէն եւ թիթեղածածկ վարժարանը, որ կոչուեցաւ Ազգային Լուսինեան վարժարան։ 1932-ին երկու յարկի վրայ կառուցուեցան երկու յարկ վեց սենեակներով, որոնք օգտագործուեցան իբրեւ նախակրթարանի դասարաններ։ իսկ մանկապարտէզը փոխադրուեցաւ Միսաք Ազիրեանի շէնքը։

1948-ին գնուեցաւ հողամասը իր երեք սենեակներով։

1950-ին վերակառուցուեցաւ տախտակաշէն եկեղեցին։ 1952-ին կառուցուեցան յաւելեալ նոր սենեակներ թիւը բարձրացնելով 12-ի։ 1963-ին դպրոցը ունեցաւ 17 դասարաններ։ Աքսոր Գասարճեան ամբողջութեամբ վերաշինեց դպրոցը, կառուցեց արդիական մանկապարտէզ մը, որ կրեց բարերարին անունը։

ՏՆՕՐԷՆՆԵՐ

  • Անդրանիկ Ուրֆալեան
  • Արիս Մանուկեան
  • Յովիկ Պերթիզլեան
  • Յակոբ Լատոյեան
  • Արեգնազ Աղասարգիսեան

Վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներն են Սահակ Խաչատուրեան, Վրոյր Մանճիկեան, Հայկ Կրակեան, Արազ Գոճայեան, Վիգի Գիզիրեան եւ Զաւէն Թղըլեան։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net