Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին. «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով» Շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ Սրբազանը բացատրեց, որ Աստուածայայտնութիւն կը կոչենք այս առիթը, որովհետեւ աստուածութեան երեք դէմքերը Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ միատեղ յայտնուեցան:

Continue reading

«Աստուծոյ Շնորհաբաշխութիւնը Կը Կատարուի Այսօր» ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմի

  «Աստուած իր շնորհքը յայտնեց, որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին»: Տիտոս 2:11 Տարին փակեցինք հին աշխատանքներուն ու անցուդարձերուն հաշուեկշիռը կատարելով եւ նոր տարուան մը առաւօտը դիմաւորեցինք, սակայն առանց գեղեցիկ ու սփոփարար մտածումներու: Նոր տարի է արդարեւ, այլ սակայն մեր կեանքը կը մնայ տխուր եւ անորոշ: Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՛ապրին իրենց գոյութեան

Continue reading

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Ժամասացութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի սարկաւագներուն, երկուշաբթի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց  եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն: Սրբազան Հայրը իր քարոզին սկիզբը սրտագին ողջունեց թեմի սարկաւագները, կիսասարկաւագները, դպիր-դպրուհիները, նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք

Continue reading

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Եւ Համանուն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Կիրակի, 17 դեկտեմբերին հանդիսաւոր արարողութեամբ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին եկեղեցւոյ կից փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, որմէ ետք թափօրը, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Continue reading

Նոր Տարուան Տարեցներու Ձեռնարկ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային յանձնախումբի մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, «Lions Beirut Excellence» կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Սալիմ Մուսանի, կազմակերպութեան նախկին կառավարիչ Պութրուս Աունի,

Continue reading

Դասախօսութիւն` «Նոր Տարին Առիթ Վերանորոգուելու» Նիւթով

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին հինգերորդը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Օրուան զեկուցաբերն էր Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, իսկ դասախօսութեան նիւթն էր` «Նոր Տարին առիթ վերանորոգուելու»: Արդարեւ, հայր սուրբը իր խօսքին մէջ

Continue reading

Տնտեսական Ծանր Վիճակի Մէջ Եղողներուն Կողքին

Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին առաքելութիւնն է սատար հանդիսանալ տնտեսական ծանր վիճակ դիմագրաւող ազգայիններուն` օժանդակութիւն տրամադրելով անոնց հիւանդանոցային ծախսերուն եւ անմիջական պէտքերուն, այս ձեւով ժպիտ մը դրոշմելով անոնց դէմքին վրայ: Առ այդ, նախանձախնդիր իր առաքելութեան, բարերարութեամբ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի, չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, կ. ա. ժամը 10:00-ին, 11:00-ին  եւ 12:00-ին երեք փուլով,

Continue reading

Հոգեկան Ճնշումի Մասին Դասախօսութիւն

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի  բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին չորրորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկին վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ: Արդարեւ, բաժանմունքի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Հոգեկան ճնշում» խորագիրով դասախօսութիւն մը: Ան բացատրեց,

Continue reading

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 նոյեմբերին տօնախմբութիւն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն, ապա երեկոյեան` ժամերգութիւն: Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.

Continue reading

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Նուիրուած Ազգային Վարժարաններու Միացեալ Տօնակատարութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին նուիրուած ազգային վարժարաններու միացեալ տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան եւ Նուպարեան-Խրիմեան (Թրիփոլի) վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ` Ուսումնական

Continue reading