Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին. «Երջօ-Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փոքրիկներու Ընկերային Հաւաք

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու ծուխերէն հաւաքուած շուրջ 125 փոքրիկներու ընկերային հաւաք: Ձեռնարկին նաեւ ներկայ էին` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան,

Continue reading

Զատկուան Պաշտօնական Ընդունելութիւն Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Կիրակի, 31 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-10:30 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Սրբազան Հօր եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն, տեղի ունեցաւ Ս. Զատկուան պաշտօնական ընդունելութիւն: Շնորհաւորութիւններ յայտնեցին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան,

Continue reading

Ս. Զատկուան Պատարագ. «Զատկական Աւետիսը Միայն Եկեղեցւոյ Մէջ Պիտի Չլսենք Ու Չապրինք, Այլ` Զայն Պէտք Է Զգանք Մեր Տուներուն, Մեր Ընտանիքներուն, Մեր Համայնական Կեանքի Վիճակներուն Մէջ» Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտ 2024-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ խորհրդալից է զատկական առաւօտուն մեր եկեղեցիներուն մէջ լսել յարութեան աւետիսը` նկատել

Continue reading

Թաղման կարգ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Աւագ ուրբաթ, 29 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւն կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ

Continue reading

Խաւարման կարգ՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաւարման կարգ: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ հսկումի այս պահը վստահաբար կը պարզէ առաւելաբար մեր աչքերուն տարակուսանքի, մահուան, տառապանքի պատկերներ, աւելցնելով, որ երբ կը գիտակցինք,

Continue reading

Ոտնլուայի Արարողութիւն` Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Հինգշաբթի, 28 մարտ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ  ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարենք առաջին հերթին, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նք թելադրեց, որ Իր

Continue reading

Ոտնլուայի Արարողութիւն` «Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Աշակերտներուն Համար

  27 մարտի առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ` Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Ասլանեանի եւ փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, նաեւ` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան

Continue reading

Դռնբացէք Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, կիրակի, 24 մարտ 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար եւ խորհրդալից արարողութիւն: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ այս արարողութիւնը մեր եկեղեցւոյ կողմէ ճշդուած է, որպէսզի Աւագ շաբթուան նախօրեակին մենք

Continue reading

«Ծաղկազարդը Մեզ Սթափութեան Հրաւիրող Առիթ Է», Պատգամեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան

Ծաղկազարդի տօնին առիթով, կիրակի, 24 մարտ 2024-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ մէջ` նշելու համար  Քրիստոսի դէպի Երուսաղէմ կատարած յաղթական թափօրի յիշատակը:

Continue reading

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

  9 եւ 10 մարտին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ 9 մարտին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած էին կրպակներ, ուր ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղը, «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ

Continue reading