Տնօրհնէքը եկեղեցական երկու մեծ տօներուն՝ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Զատիկի առիթին կապուած եկեղեցական շատ հին աւանդութիւն է, զոր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պահած է։

Տնօրհնէքին հիմնական նպատակը Ս. Ծննդեան կամ Ս. Զատկուան տօնին ուրախ լուրը տունէ տուն աւետելն է։ Սոյն առիթով ծխատէր քահանան կ’այցելէ իր ծուխին տուները, խունկ կը ծխէ ու կ’օրհնէ տուները, ինչպէս նաեւ՝ տան հացը, աղը եւ ջուրը։

Յանձնարարելի է, որ ամէն հայ տուն խնկաման ունենայ։

Տնօրհնէքին առիթով սովորութիւն է քահանայ հօր նուէր տալ, որ սովորաբար նիւթական գումար մը կ’ըլլայ։ Այս գումարը յստակ գին չունի, սրտաբուխ է։ Փոխան նուէրի քահանայ հայրը ստացագիր պէտք է տայ։

Տնօրհնէքի նուէր գումարները Ազգային Առաջնորդարան կը հաւաքուին, եւ ապա Տնտեսական խորհուրդի հաստատած յստակ դրութեամբ՝ ամբողջութեամբ կը բաժնուին քահանայ հայրերուն միջեւ։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net