Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական թեմերուն բոլոր եկեղեցիները կ’ունենան իրենց յարակից դպրոցները, որոնք կը կոչուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներ, որոնց նպատակն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանութեան եւ աւանդութեան համաձայն մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն ջամբել կրօնական դաստիարակութիւն եւ եկեղեցւոյ վերաբերեալ գիտելիքներ եւ ծանօթութիւններ։

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցներու կեդրոնն է Կաթողիկոսարանը, հետեւեաբար, կաթողիկոսարանը կը նշանակէ պատասխանատուն, որ կը կոչուի Ընդհ. Վարիչ Տնօրէն Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու։ Ներկայիս դպրոցներու Վարիչ Տնօրէնն է Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Փենթէճեան։

Թեմի Կրօնական դաստիարակութեան զարգացման եւ տարածման համար Լիբանանի Թեմը ունի Կրօնական Դաստիարակութեան խորհուրդը, որուն ի պաշտօնէ նախագահն է Թեմին Առաջնորդը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Լիբանանի վարիչ նշանակուած է Տ. Սարգիս Քհնյ. Սարգիսեան։

Լիբանանի Թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքը կ’իրականանայ աւելի քան 80 նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով, որոնք ունին համապատասխան փորձառութիւնն ու աշխատանքի ունակութիւնները։

 

Լիբանանի թեմը ունի 14 կիրակնօրեայ դպրոցներ՝

  1. Նուպար Սրկ. Պէրպէրեան- Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (նոր Մարաշ)
  2. Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (Նոր Ատանա)
  3. Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (Նոր Սիս)
  4. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (Նորաշէն)
  5. Հայ Եկեղեցւոյ եղբայրակացութեան Կիրակնօրեայ դպրոց (Նոր Մարաշ)
  6. Մ. Մաշտոց- Էհրամճեան Ազգ. Վարժարան Կիրակնօրեայ դպրոց (Նոր Ատանա)
  7. Ֆանարի Կիրակնօրեայ դպրոց (Ֆանար)
  8. Ռաուտայի Կիրակնօրեայ դպրոց (Ռաուտա, «Էհլան» կեդրոն)
  9. Մայրավանքի Կիրակնօրեայ դպրոց (Անթիլիաս, Կաթողիկոսարան)
  10. Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (Ռըմէյլ)
  11. Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (Նոր Հաճըն)
  12. Ս. Յ. Կարապետ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց (Հայաշէն)
  13. Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Շուշանեան Կիրակնօրեայ դպրոց (Այնճար)
  14. Թրիփոլիի Կիրակնօրեայ դպրոց (Թրիփոլի)։

 

Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտը տեղի կ’ունենայ Ս․ Թարգմանչաց տօնին յաջորդող կիրակին՝ վերամուտի հանդիսաւոր Ս․ Պատարագով, որ կը կատարուի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմի Սրբազան Առաջնորդին։

Կիրակնօրեայ դպրոցները կը հետեւին միեւնոյն ծրագիրին, որ շաբաթական դրութեամբ կը պատրաստուի, ապա վարչութեան կողմէ կը բաժնուի աշակերտութեան։

Կիրակնօրեայ վարժարանները տարիքի համաձայն ունին չորս բաժանումներ՝

  1. 3-6 տարեկան՝ սկսնակ
  2. 7-11 տարեկան՝ կրտսեր
  3. 12-14 տարեկան՝ միջին
  4. 15-17 տարեկան՝ երէց։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net