Տնտեսական խորհուրդը պատասխանատուն է Ազգային Առաջնորդարանի տնտեսական եւ ելեւմտական բոլոր գործունէութիւններուն։ Խորհուրդը կը նշանակուի Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովին կողմէ, երկու տարուան համար։ Ան կազմուած կ’ըլլայ եօթը կամ ինը անդամներէ։

Տնտեսական խորհուրդը՝

  • Իւրաքանչիւր տարուան Յունուար ամսուն կը պատրաստէ նախորդ տարուան իրականացած հաշուեկշիռը եւ կը ներկայացնէ Քաղաքական Ժողովին։
  • Հիմնուելով Քաղաքական Ժողովի Երկամեայ ծրագիրին վրայ, իւրաքանչիւր տարուան Դեկտեմբեր ամսուն կը պատրաստէ յառաջիկայ տարուան նախահաշիւ-պիւտճէն։
  • Աշխատանք կը տանի հաւասարակշռելու Ազգային Վարչութեան տնտեսական եւ ելեւմտական գործառնութիւնները։ Կը հսկէ նիւթական մուտքերու եւ ելքերու կանոնաւորութեան։
  • Կը ճշդէ խորհրդակատարութիւններուն գիները, հետամուտ կ’ըլլայ Ազգային տուրքի գանձումներու կանոնաւորութեան, կ’երաշխաւորէ Ազգային Իշխանութեան պաշտօնեաներուն իրաւունքները, կը տնօրինէ ազգային կալուածներու շահարկումը եւ կ’ապահովէ անոնց եկամուտներուն յաւելումը։

2020-2022 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Տնտեսական խորհուրդի անդամներն են՝ Րաֆֆի Մեսրոպեան (ատենապետ), Քրիսթին Գալինճեան, Կարէն  Աբրահամեան, Գարլ Սապունճեան, Վահան Յովսէփեան, Յովսէփ Չայլեան  եւ Դալար Մուրատեան:

2023-2025 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Տնտեսական խորհուրդի անդամներն են՝ Րաֆֆի Մեսրոպեան (ատենապետ), Քրիսթին Գալինճեան, Վահան Յովսէփեան, Սետրիկ Քէսմէեան, Շաքէ Թորոսեան, Յակոբ Այվազեան եւ Յովիկ Արսլանեան:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net