Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգային վարժարաններուն նպատակն է լիբանանահայ նոր սերունդին ջամբել մինչեւ նախահամալսարանական կարգի կրթութիւն՝ պատրաստելու համար ոչ միայն պետական վկայականներու արժանացած ուսանողներ, այլեւ՝ բարոյապէս ամուր եւ ազգային, մարդկային ու հոգեւոր ամբողջական դաստիարակութիւն ստացած գիտակից, յանձնառու եւ նուիրեալ հայեր։

Թեմի Ազգային վարչութեան Քաղաքական Ժողովին կողմէ կը նշանակուի Ուսումնական խորհուրդը, որ  կը վարէ ազգային վարժարանները եւ կը հսկէ անոնց բարեկարգութեան, կը մշակէ ազգային վարժարաններու կրթական-ուսումնական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Տնտեսական Խորհուրդին կարծիքը առնելէ ետք կը հաստատէ ազգային վարժարաններու նախահաշիւները։ Ուսումնական Խորհուրդը կը նշակուի երկու տարուան համար, եւ կազմուած կ’ըլլայ եօթը կամ ինը անդամներէ։

Խորհուրդի հովանիին ներքեւ Լիբանանի մէջ կը գործեն 4 վարժարաններ, որոնցմէ 3-ը ունին երկրորդական բաժանմունքներ։

Ուսումնական խորհուրդը կը գործէ նախագահութեամբ եւ հոգածութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

2020-2022 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Ուսումնական խորհուրդի անդամներն են՝ Վիգէն Աւագեան (ատենապետ), Շանթ Ստեփան, Կասիկ Խաչերեան, Նարէ Գալէմքերեան, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Ռիթա Չէրքէզեան եւ Նորա Բարսեղեան:

2023-2025 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Ուսումնական խորհուրդի անդամներն են՝ Վիգէն Աւագեան (ատենապետ), Շանթ Ստեփան, Կասիկ Խաչերեան, Նարէ Գալէմքերեան, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Նորա Բարսեղեան եւ Անի Չէօրէքճեան:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net