Կալուածոց Խորհուրդը պատասխանատուն է ազգապատկան կալուածներու շինարարական աշխատանքներուն։ Խորհուրդը կը նշանակուի Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովին կողմէ, երկու տարուան համար։ Ան կազմուած կ’ըլլայ հինգ, եօթը, կամ ինը անդամներէ։

Կալուածոց խորհուրդը՝

  • Կը կատարէ ազգապատկան կալուածներու շինարարական ծրագիրներուն սերտողութիւնը եւ շինարարութիւններու տնօրինումը։
  • Կը գնահատէ շահարկման ենթակայ ազգապատկան կալուածներու վաճառման կամ վարձակալման արժէքները։
  • Կ’ապահովէ, կը դասաւորէ եւ կը ցանկագրէ ազգապատկան կալուածներու սեփականագիրները, քարտէսներն ու օրինական այլ փաստաթուղթերը եւ զանոնք կ’այժմէականացնէ։
  • Գերեզմանատուներու աշխատանքներուն համար Խորհուրդը կրնայ նշանակել իրաւական եւ շինարարական գործերուն հսկող յանձնախումբ մը, որ իր հսկողութեան տակ կ’իրականացնէ գերեզմաններու յանձանձումը։

2020-2022 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Կալուածոց Խորհուրդի անդամներն են՝  Յարութ Նազարէթեան (ատենապետ), Րաֆֆի Պայրամեան, Յարութ Արսլանեան, Սեւակ Մարկարոսեան, Միհրան Պաղտասարեան եւ Արթիւր Տէքէրմէնճեան:

2023-2025 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Կալուածոց Խորհուրդի անդամներն են՝  Յարութ Նազարէթեան (ատենապետ), Սեւակ Մարկարոսեան, Միհրան Պաղտասարեան, Պօղոս Մարսիլեան եւ Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net