Լիբանանի Հայոց Թեմի Դատաստանական Խորհուրդը կը կատարէ Լիբանանի Հայ Առաքելական Համայնքի դատաստանական գործերը՝ համաձայն Լիբանանի Հայ եկեղեցւոյ անձնական իրաւանց եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անձնական եկեղեցւոյ անձնական իրաւանց ատեաններու դատավարութեան կանոններուն։

Նշեալ երկու կանոնները մշակուած են Լիբանանի Հանրապետութեան 2 Ապրիլ 1951-ի օրէնքին հիման վրայ, որ վաւերացուած են Լիբանանի Թեմի Գաւառական Ժողովէն եւ հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի պետութեան կողմէ։

Դատաստանական Խորհուրդին մաս կը կազմեն երեք քահանաներ եւ երեք աշխարհականներ, որոնք կը նշանակուին Ազգային Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ։ Դատաստանական Խորհուրդի նախագահը Սրբազան Առաջնորդն է։

Դատաստանական Խորհուրդի անդամներն են՝ Զօր. Փանոս Մանճեան (ատենապետ), Գրիգոր Կէօքճեան, Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան, Տ․ Ղեւոնդ Քհնյ․ Լօշխաճեան, Տ․ Միքայէլ Քհնյ․ Տէմիրճեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ․ Պասիլեան։

2023-2025 երկամեայ տարեշրջանի համար Դատաստանական Խորհուրդի անդամներն են՝ Ռոպէր Մինասեան (ատենապետ), Գրիգոր Կէօքճեան, Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան, Տ․ Ղեւոնդ Քհնյ․ Լօշխաճեան, Տ․ Միքայէլ Քհնյ․ Տէմիրճեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ․ Պասիլեան։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net