Ազգային Առաջնորդարանի Բնակարանային յանձնախումբի նպատակն է մատչելի պայմաններով եւ փոխատուութեան ճամբով օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Բնակարանայի յանձնախումբը սկսած է իր գործունէութեան 1990-1991 թուականներուն, երբ Ազգային Իշխանութիւնը ընդառաջելով օրուան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արամ Արք․ Քէշիշեանի (Այժմու Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) առաջարկին, որոշած է «մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն մատչելի սակերով ու պայմաններով բնակարան ապահովելը Ազգային Առաջնորդարանի ժողովրդային ծառայութեան առաջնահերթ մտահոգութիւններէն ու կարեւոր բնագաւառներէն մին դարձնել»։

Ծրագրէն կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք՝

  1. Ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու ծրագիր ունին։
  2. Երկար տարիներէ ի վեր վարձու բնակարանի մը մէջ կը բնակին։
  3. Իրենց ներկայ բնակարանը առժամեայ հանգամանք ունի (մուսատարա), վատառողջ պայմաններու մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ՝ տարածութեամբ կամ յարմարութիւններով անբաւարար է ընտանիքի թիւին համեմատ։
    Ծրագիրը իր գործունէութեան շրջագիծը ճշդած է Պուրճ Համուտը, որովհետեւ շրջանին մէջ հայութեան համախումբ ներկայութիւնը էական է եւ կը կարօտի համազգային նեցուկի։
  4. Տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ որեւէ յարկաբաժինի, հողաշերտի կամ շէնքի սեփականատէր չեն։
    Յանձնախումբի նոր ծրագիրներէն մէկն է «Արի Տուն»-ը, որուն ճամբով վաճառքի դրուած է Պուրճ Համուտի Սին Էլ Ֆիլ տանող մայրուղիին վրայ բնակելի յարկաբաժիններ եւ խանութներ։
    Մանրամասնութեանց եւ պայմաններուն ծանօթանալու համար կրնաք ներկայանալ Ազգային Առաջնորդարան, Բնակարանային յանձնախումբի գրասենեակ։
  5. 2020-2022 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Բնակարանային յանձնախումբի անդամներն են՝ Մեթր Թալին Սահակեան (ատենապետ), Ցոլակ Թորոսեան, Համբիկ Միսիրլեան, Վիգի Այնթէպլեան, Գէորգ Շիրէճեան, Լիլա Քէնտիրճեան եւ Արամ Պէքարեան։
  6. 2023-2025 երկամեայ տարեշրջանի համար նորընտիր Բնակարանային յանձնախումբի անդամներն են՝ Մեթր Թալին Սահակեան (ատենապետ), Լիլա Քէնտիրճեան, Շանթ Ալեէմէզեան եւ Պետիկ Լօճիկեան։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net