Ազգային Վարչութիւնը կը բաղկանայ եօթը կամ ինը աշխարհական անդամներէ, որոնք կ’ընտրուին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ երկու տարուան համար։

Ազգային Վարչութիւնը՝

  • Ամէնուրէք կը պաշտպանէ համայնքին իրաւունքները։
  • Կը նշանակէ Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդները։ Ժողովը ըստ կարիքի կը նշանակէ այլ խորհուրդներ եւ յանձնախումբեր։
  • Կը հետեւի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան, կը համակարգէ անոնց աշխատանքները եւ կը հսկէ անոնց վրայ։
  • Չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէ Թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնը, եւ կը հետեւի անոնց գործունէութեան։
  • Կը նշանակէ Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնեաները եւ կը հետեւի անոնց գործունէութեան։
  • Կ’ապահովէ միջոցներ՝ բարելաւելու համար Ազգային Առաջնորդարանի հասոյթները եւ այդ նպատակին ծառայող առաջարկներ կը ներկայացնէ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։

Ուրբաթ, 24 Յուլիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Ազգային վարչութեան ընտրութիւն:

Նորընտիր Ազգային վարչութեան անդամներն են՝ Րաֆֆի Սիսլեան (ատենապետ), Գառնիկ Մկրտիչեան (փոխ ատենապետ), Յակոբ Լուսարարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, Արամ Գալինճեան, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Շաղիկ Կոկոնեան, Ժագ Տէմիրճեան, Նազօ Անտէքեան:

2021 Յունուարին Գառնիկ Մկրտիչեանի մահէն վերջ, Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան ստանձնեց փոխ ատենապետի պարտականութիւնը: Ապա վարչութիւնը համալրեց իր կազմը  նոր անդամներով` Գրիգոր Արսլանեան, Վահրամ Պարսումեան եւ Հրայր Գէորգեան:

Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2023-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Ազգային վարչութեան ընտրութիւն:

Նորընտիր Ազգային վարչութեան անդամներն են՝  Գրիգոր Արսլանեան (ատենապետ), Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան (փոխ ատենապետ), Յակոբ Լուսարարեան, Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, , Վահրամ Պարսումեան, Ժագ Տէմիրճեան, Յարութ Սուսանի, Լիզա Պաստաճեան եւ Յարութ Լաքիսեան:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net