1931-ի Աշնան, Եղիշէ Եպս. Կարոյեան նախաձեռնեց Նոր Սիսի մէջ փայտաշէն եկեղեցւոյ մը կառուցման աշխատանքներուն։ 1932-ին աւարտեցաւ եկեղեցւոյ շինութիւնը եւ եկեղեցին կրեց «Ս. Սարգիս» անուանումը։ Այդ նեղ օրերուն, եկեղեցին միաժամանակ դպրոցի վերածուեցաւ ու այսպիսով հիմը դրուեցաւ «Լուսինեան» վարժարանին։

1944-ին եկեղեցին ունեցաւ իր առաջին Կիրակնօրեայ վարժարանը, որուն մաս կազմեցին շուրջ 250 աշակերտներ։

1949-ին, որոշուեցաւ փայտաշէն եկեղեցին փոխարինել քարաշէն եկեղեցիով, եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Լնջինեանի եւ բարերարներու ճիգերով անմիջապէս սկսաւ աշխատանքը։ Եկեղեցւոյ օծումն ու անուանակոչութիւնը կատարուեցաւ 8 Փետրուար 1950-ին, հանդիսապետութեամբ շինութեան յանձնախումբի նախագահ եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խադ Արք. Աջապահեանի, զոր մատուցեց նորակառոյց եկեղեցւոյ անդրանիկ Ս․ Պատարագը։

1963-ին եկեղեցւոյ փայտեայ խորանին փոխարէն տեղադրուեցաւ մարմարեայ խորանը, բարերարութեամբ Անդրանիկ Աթայեանի։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ. Աւետիս Քհնյ. Լաչինեան, 1931-1947
  • Տ. Գրիգոր Քհնյ. Սարգիսեան, 1948
  • Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Պօղոսեան, 1949-1969
  • Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Ֆարաճեան
  • Տ․ Յակոբ Քհնյ․ Պզտիկեան
  • Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։

Ս․ Սարգիս Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝  Մարտիկ Գարաօղլանեան (ատենապետ), Յովհաննէս Պէքէրէճեան, Ճորճ Քէօշկերեան, Վրէժ Յակոբեան, Քրիստափոր Քէլէշեան, Զոհրապ Թէրզեան, Կարօ Պոսնոյեան,  Զաքար Պէքէրէճեան եւ Պաղտիկ Լէփէճեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Ճորճ Քէօշկէրեան (ատենապետ), Վազգէն Միսիրեան, Զոհրապ Թէրզեան, Յովհաննէս Պոսնոյեան, Փիէր Թիւֆէնքճեան, Վրէժ Յակոբեան, Զաքար Պէքէրէճեան, Կարօ Փէլթէքեան եւ Գոհար Պոզեան:

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net