1823-1828 թուականներուն Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներէն Յակոբ Եպս. Լիւստրացի, Դանիոս Եպս. Գարթալցի, Յակոբոս կամ Գրիգոր Վրդ. յարեցան Ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ հաստատուած աւետարանական համայնքին ճամբով պաշտօնի կոչուեցան Սայտայի մէջ:

29 Հոկտեմբեր 1845-ին մահացաւ Յակոբոս Եպս. եւ իր կալուածը ուխտաւորներու պէտքերուն համար գնեց Յովհաննէս Պատրիարք եւ մատուռի վերածեց վարի յարկի 2 սենեակները։ Ծախսերուն մեծամասնութիւնը ստանձնեց Յովսէփ Սարկաւագ Այնթապցին:

Յովհաննէս Վրդ. Իփէքճեանի հրամանով մանրակրկիտ չափերով նորոգուեցաւ Ս. Նշան հոգետունը:

1860-էն ետք, Այնթապցի Յովսէփ Սարկաւագ Աշճեան գնեց Լուստրացի Յակոբ Աբգարեանի տունն ու յարակից մասերը: Ժամանակ մը ետք, մատուռը փոքր ըլլալով, կառուցուեցաւ փոքր եկեղեցի մը։ Ա. Աշխարհամարտին, 1916-ին եկեղեցին թրքական կառավարութեան կողմէ գրաւուեցաւ եւ քանդուեցաւ՝ ճամբան լայնցնելու պատճառաբանութեամբ: Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի օրով, Ֆրանսական հրամանատար քոմիսէր Ժորժ Փիքոյէն եկեղեցի կառուցելու արտօնութիւնը ապահովուեցաւ։ 1937-ին ճարտարապետութեամբ Տիգրան Խուպէսէրեանի, եկեղեցին նախկին հիմերու վրայ վերանորոգուեցաւ եւ տարի մը ետք աւարտեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ շինութիւնը: 1962-ին եկեղեցին ենթարկուեցաւ ներքին նորոգութիւններու։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

Տ. Յակոբ Քհնյ. Արսլանեան
Տ. Ներսէս Քհնյ. Սօղանեմեզեան
Տ. Յարութիւն Քհնյ. Կէպէնլեան
Տ. Խաչատուր Քհնյ. Յակոբեան
Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Խորոզեան
Տ. Խորէն Քհնյ. Աճէմեան
Տ. Յուսիկ Քհնյ. Այանեան
Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան
Տ. Վարդան Քհնյ. Առաքելեան
Տ. Վրթանէս Քհնյ. Թոնդեան
Տ. Նշան Քհնյ. Պզտիկեան
Տ. Մկրտիչ Ա. Քհնյ. Քէշիշեան
Տ. Խորէն Քհնյ. Մելքոնեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։

Ս․ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Ռազմիկ Յովսէփեան (ատենապետ), Սմբատ Ղազէլեան, Սարգիս Թորոսեան, Օննիկ Մահտէսեան, Նազարէթ Չէքէմեան, Սեպուհ Հաւաթեան, Մարտիկ Շահինեան, Ճորճ Պալթայեան եւ Գէորգ Քոփարեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Ռազմիկ Յովսէփեան (ատենապետ), Սմբատ Ղազէլեան, Սարգիս Թորոսեան, Օննիկ Մահտէսեան, Նազարէթ Չէքէմեան, Սեպուհ Հաւաթեան, Մարտիկ Շահինեան, Ճորճ Պալթայեան եւ Գէորգ Քոփարեան։

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net