Յոյն Ուղղափառ արաբ համայնքի Առաջնորդ Գերապատիւ Տ. Նիֆօն Սապա Եպիսկոպոս ընդառաջեց Զահլէի հայութեան փափաքին եւ արտօնութիւն տուաւ հայերուն արարողութիւններ կատարելու Մէյտան թաղի «Մար Նիքոլա» եկեղեցւոյ մէջ։ Հետագային, Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Տէր Ղազարեանը նշանակեց շրջանի հոգեւոր հովիւ:

1927-ին եգիպտահայ բարերար Բարսեղ Պալըգճեանի նուիրատուութեամբ ապահովուեցաւ եկեղեցւոյ հողամասը, որուն վրայ գնտուող հողաշէն սենեակները միացան եւ վերածուեցան մատուռի մը։

1928-ի ամրան, միեւնոյն բարերարը՝ Բարսեղ Պալըգճեան իր ննջեցեալ հօր Գրիգորի յիշատակին ստանձնեց նոյն հողին վրայ կառուցել քարաշէն եկեղեցի մը: Եկեղեցին մկրտուեցաւ յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի։

Տէր Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեանի օրերուն եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ճիգերով կառուցուեցաւ «Իւզպաշեան» սրահը, իսկ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ բարձրացան երեք յարկերը, ինչպէս նաեւ հաստատուեցաւ երիցատունը եւ ընդարձակուեցաւ խորհրդարանի սրահը: Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի բարերարութեամբ մարմարապատուեցաւ եկեղեցւոյ խորանը:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Տէր Ղազարեան
  • Տ. Սարգիս Քհնյ. Պետրոսեան (1925 – 1927)
  • Տ. Եղիշէ Քհնյ. Տողրամաճեան
  • Տ. Դիոնիս Քհնյ. Կրէզեան
  • Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան
  • Արժ. Տ. Նշան Քհնյ. Ժասթաճեան
  • Տ. Վաչէ Քհնյ. Թաթոյեան
  • Տ. Ներսէս Քհնյ. Ճերմակեան
  • Տ. Ռուբէն Քհնյ. Միսիսեան
  • Հայր Եզեկիէլ Աբղ. Սէլլումեան:

Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Քիւրիւմեան (ատենապետ), Գափրիէլ Կէպի Ճլըգեան, Աւետիս Փամպուքեան, Կարօ Թորգոմեան, Վարդան Մակարեան, Սարգիս Թօփուզեան, Րաֆֆի Յակոբեան, Անդօ Տէքիրմէնճեան եւ Րաֆֆի Չինչինեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Քիւրիւմեան (ատենապետ), Գափրիէլ Կէպի Ճլըգեան, Կարօ Թորգոմեան, Թոնի Թաթինեան եւ Րաֆֆի Չինչինեան։

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net