Ս. Գէորգ Զօրավարին անունը կրող Ս․ Գէորգ Եկեղեցին իր գործունէութեան սկսած է 1922-ին՝ վրանածածկ վիճակի մէջ։ Սարգիս Պաքալեանի եւ ժողովրդային նուիրատուութիւններով ապահովուեցաւ եկեղեցւոյ հողատարածքը եւ սկսան շինարարական աշխատանքները։

1930-ին տեղի ունեցաւ նորակառոյց տախտակաշէն եկեղեցւոյ օծումը։ Հետագային, 1938-ին կառուցուեցաւ եկեղեցւոյ քարաշէն տարբերակը, Տէր Սահակ Խապայեան Կաթողիկիոսի եւ Տէր Եղիշէ Արք․ Կարոյեանի առաջնորդութեան օրով։

1964-ին Տ․ Գնէլ Արք․ Ճերեճեանի ջանքերով ամբողջովին վերանորոգուեցաւ եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ․ Ռուբէն Ա․ Քհնյ․ Սահակեան
  • Տ․ Զաւէն Քհնյ․ Հովիւեան
  • Տ․ Նարեկ Ա. Քհնյ․ Հեճինեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։

Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Հայկ Օղլուգեան (ատենապետ), Աւագ Պարախեան, Վարդան Երեմեան, Յակոբ Կէօտէլէքեան, Յարութիւն Գույումճեան, Խաչիկ Շահինեան, Վաչէ Պարախեան, Յարութիւն Շիշմանեան եւ Անդրանիկ Չավուշեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Աւագ Պարախեան (ատենապետ), Հայկ Օղլուգեան, Վարդան Երեմեան, Յակոբ Կէօտէլէքեան,  Սահակ Պիտինեան, Յարութիւն Գույումճեան, Վաչէ Պարախեան, Յարութիւն Շիշմանեան եւ Անդրանիկ Չավուշեան։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net