Թրիփոլիի մէջ եկեղեցական արարողութիւնները սկզբնական շրջանին կատարուեցան յոյներու կողմէ տրամադրուած «Մար Էլիաս» եկեղեցւոյ մէջ, կատարողութեամբ Արժ․ Տ․ Խորէն Քհնյ Գույումճեանի։ Հետագային կառուցուեցաւ Ս. Աստուածածին տախտակաշէն ու թիթեղածածկ եկեղեցին, Արժ. Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ։

1962-ին աւարտեցաւ նոր եւ քարաշէն եկեղեցւոյ շինութիւնը, բարերարութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեանին, եւ եկեղեցին կոչուեցաւ Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ օրհնութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ 3 Յունիս 1962-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Բարոյեանի։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ. Խորէն Քհնյ. Գույումճեան
  • Տ. Խաչատուր Ծ. Վրդ. Ղազարեան
  • Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեան
  • Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան
  • Տ. Յակոբ Քհնյ. Պոյաճեան
  • Տ. Բաբգէն Քհնյ. Յակոբեան
  • Տ. Յուսիկ Քհնյ. Այանեան
  • Տ. Ղեւոնդ Ա. Քհնյ. Յովսէփեան
  • Տ. Մովսէս Քհնյ. Շրիկեան
  • Տ. Ասպետ Քհնյ. Տեմիրճեան
  • Տ. Վազգէն Քհնյ. Նարկիզեան
  • Տ. Նարեկ Քհնյ. Շրիկեան
  • Տ. Պարգեւ Քհնյ. Յովհանէսեան
  • Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Տօնիկեան
  • Տ․ Ռուբէն Քհնյ․ Միսիրեան
  • Տ. Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։

Ս․ Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝  Պետրոս Կիւվլէքճեան (ատենապետ), Սարգիս Չէրքէզեան, Վահէ Հարմանտայեան,  Հրաչ Մոսքոֆեան եւ Էլի Սրապոնեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Էլի Սրապոնեան (ատենապետ), Վահէ Հարմանտայեան, Միշէլ Իսկէնեան, Յարութ Թովմասեան եւ Գրիգոր Կիրակոսեան:

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net