Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ շինութիւնը սկսաւ 1954-ին եւ աւարտեցաւ 1956-ին, բարերարութեամբ Կիւլլապի Կիւլպէնկեանին: Եկեղեցին օծուեցաւ ձեռամբ երջանկայիշատակ Խորէն Եպս. Բարոյեանի (հետագային՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):

Եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւը եղաւ Արժ. Տ. Շահէ Քհնյ. Ալեմեզեանը: Իր վախճանումէն ետք, եկեղեցին ունեցաւ երեք հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Հմայեակ Քհնյ. Մինոյեան, Տ. Պարգեւ Քհնյ. Յովհաննէսեան եւ Տ. Վահան Քհնյ. Ղազարեան:

1985-ին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ Արժ. Տ. Խաչիկ Քհնյ. Միսիրեան, որուն ճիգերով կազմուեցաւ եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրաց դասը, գլխաւորութեամբ դպրապետ Աբել Աբելեանի:

1992-ին հոգեւոր հովիւի եւ թաղականութեան միացեալ ջանքերով, եկեղեցւոյ ետեւի կողմը գտնուող խոպան հողաշերտը բարեզարդուեցաւ եւ վերածուեցաւ գեղեցիկ եւ ծաղկազարդ բակի մը:

1998-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեանի եւ եկեղեցւոյ բարեկամ նուիրատուներու ճիգերով վերակառուցուեցաւ եկեղեցւոյ գմբէթը եւ այլ յարակից մասեր։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ. Շահէ Քհնյ. Ալեէմէզեան
  • Տ. Հմայեակ Քհնյ. Մինոյեան
  • Տ. Պարգեւ Քհնյ. Յովհաննէսեան
  • Տ. Վահան Քհնյ. Ղազարեան
  • Տ. Խաչիկ Ա. Քհնյ. Միսիրեան
  • Տ. Վաչէ Քհնյ. Թաթոյեան
  • Տ․ Սիմէոն Քհնյ. Կարապետեան
  • Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ․ Սարգիսեան  (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։

Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Մեսրոպեան (ատենապետ), Սարօ Թոնդեան, Վարդան Գսաճիքեան, Վիգէն Սապունճեան,  Ժան Յովհաննէս Կարապետեան, Վարուժ Խանճեան, Գէորգ Գազանճեան, Կարպիս Յովակիմեան եւ Գէորգ Պէրէճիքլեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Մեսրոպեան (ատենապետ), Սարօ Թոնդեան, Վարդան Գսաճիքեան, Վիգէն Սապունճեան, Վարուժ Խանճեան, Գէորգ Գազանճեան, Կարպիս Յովակիմեան, Վահէ Աղասարգիսեան եւ Շանթ Յարութիւնեան ։

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net