Լիբանանի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Եփրեմ Ծ. Վրդ. Տոհմանի օրով՝ (հետագային Եփրեմ Արք. Տոհմունի) 1927-ին Էշրէֆիէի ներկայ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հողաշերտին տեղ կառուցուեցաւ թիթեղաշէն - տախտակաշէն Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

1932-ին կառուցուեցաւ տախտակաշէն եկեղեցի մը։ 1953-ին Էշրէֆիէ թաղի ազգայիններու եւ թաղականութեան ճիգերով եւ աշխատանքներով, Փերուզ Ապաճեանի նուիրատուութեամբ, թիթեղաշէն եկեղեցին քանդուեցաւ եւ հիմնարկէքը կատարուեցաւ նոր եկեղեցւոյ, ձեռամբ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Բարոյեանի:

Հայ ճարտարապետ Լեւոն Էմմիեանի հսկողութեամբ ու ցուցմունքներով, եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները տեւեցին երկու տարի: 1955-ին, Թեմի Առաջնորդ Խորէն Եպս․ Բարոյեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հանդիսաւոր օծումը Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ:

Ս. Աստուածածին եւ ապա Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ են՝

  • Տ. Արսէն Քհնյ. Երեցեան
  • Տ. Նշան Քհնյ. Տէր Պետրոսեան
  • Տ. Գուրգէն Քհնյ. Աճէմեան
  • Տ. Յուսիկ Քհնյ. Այանեան
  • Տ. Գէորգ Քհնյ. Տ. Յարութիւնեան
  • Տ. Պարգեւ Քհնյ. Պարտագճեան
  • Տ. Վարդան Քհնյ. Տ. Առաքելեան
  • Տ. Վրթանէս Քհնյ. Թոնդեան
  • Տ. Անդրանիկ Քհնյ. Տուզմանեան
  • Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Քերքէզեան
  • Տ. Սիմէոն Քհնյ. Կարապետեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։

Ս․ Յակոբ Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Անդրանիկ Սարգիսեան (ատենապետ), Յակոբ Ալլըգեան, տոքթ. Ժորժ Կիւլէսէրեան, Արամ Թոքաթլեան, Վաչէ Արսլանեան, Յովհաննէս Սեմերճեան եւ Ժագ Մանուշակեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Էքմէքճեան (ատենապետ), Յակոբ Ալլըգեան, Վաչէ Արսլանեան, Ժագ Մանուշակեան, Յովհաննէս Սեմերճեան, Արամ Թոքաթլեան, Էլի Հոլուշեան, Ճորճ Քարղայեան եւ Րաֆֆի Պչաքճեան:

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net