Այնճարի մէջ, մուսալեռցիները հաւատարիմ իրենց աննկուն հաւատքին, գլխաւորութեամբ քահանայ հայրերուն, եկեղեցական արարողութիւնները սկզբնաւորութեան կատարեցին սեւ մեծ վրանի մը տակ, ուր նաեւ կատարուեցան ամէնօրեայ դասաւանդութիւններ շրջանի փոքրիկներուն համար:

1942-ին Այնճարի Ազգ. Յառաջ վարժարանին կից սրահի մը մէջ շուրջ 15 տարիներ մատուցուեցան եկեղեցական արարողութիւններ:

1945-ին Տ. Վահան Ա. քհնյ. Քէնտիրճեանի ջանքերով հիմնուեցաւ եկեղեցւոյ Շուշանեան Կիրակնօրեայ դպրոցը:

1958-ին եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը Մովսէս Տ. Գալուստեանի միջոցաւ դիմեց Ազգային Առաջնորդարանի Գաւառական ժողովին եւ ներկայացուց Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շինութեան ծրագիրը, որ թափ առաւ ու իրականացաւ օրուան  Առաջնորդ ու ապա Կաթողիկոս, Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս Բարոյեանի ջանքերով եւ օրհնութեամբ:

Յաջորդող տարիներուն, Ազգային բարերար Փօլ Մինասեանի եւ ժողովուրդի նուիրատուութեամբ, կազմուեցաւ եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շիրիքեանի։ Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուեցաւ 1 Հոկտեմբեր 1960-ին, Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Կաթողիկոս Փայասլեանի օրով եւ Տ. Խորէն Սրբազան Եպս. Բարոյեանի Առաջնորդութեամբ: Ս. Պօղոս եկեղեցին կառուցուեցաւ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիյեանի պատրաստած յատակագիծի հիման վրայ:

1971-ին, Տ. Աշոտ Ա. Քհնյ. Գարագաշեանի ջանքերով հիմնուեցաւ եկեղեցւոյ եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը, որ մնայուն կերպով սատարեց եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ. Յարութիւն Քհնյ. Շէրպէթճեան (Խտըր Պէկ)
  • Տ. Մարկոս Քհնյ. Երէցեան (Քէպուսիէ)
  • Տ. Մատթէոս քհնյ. Կիւզէլեան (Քէպուսիէ)
  • Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Քէնտիրճեան (Պիթիաս)
  • Տ. Մովսէս Քհնյ. Շիրիքեան (Եօղուն Օլուք)
  • Տ. Յակոբ Քհնյ. Քէլէմեան ( Հաճի Հապապլի)
  • Տ. Վահան Քհնյ. Քէնտիրճեան
  • Տ. Նարեկ Քհնյ. Շիրիքեան
  • Տ. Աշոտ Քհնյ. Գարագաշեան
  • Տ․ Միւռոն Քհնյ․ Աւետիսեան
  • Հայր Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան:

Ս․ Պօղոս Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Սարգիս Շաննաքեան (ատենապետ), Գէորգ Ղուկասեան, Սարգիս Չախչախեան, Պետրոս Ֆէսլեան, Սերժ Քէնտիրճեան, Սեդրակ Փափիսեան, Սերոբ Գապագեան, Փանոս Սաքարեան, Պետրոս Ֆէսլեան եւ Սարգիս Էքիզեան:

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Րաֆֆի Շաննաքեան (ատենապետ), Վիգէն Քէշիշեան, Գէորգ Ղուկասեան, Սերժ Քէնտիրճեան, Խաժակ Քէշիշեան, Վարդուկ Գապաքեան, Յովհաննէս Մէթլեան, Սեւան Պագգալեան, Անի Կարապետեան, Բաբգէն Մանճեան եւ Մարտիկ Տուտագլեան:

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net