Ի յիշատակ Ատանայի համանուն եկեղեցիին, 1929-ին հիմնադրուեցաւ Ս․ Աստուածածին եկեղեցին: Խորէն Կաթողիկոսի եւ ազգային կազմակերպութիւններու ճիգերուն շնորհիւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցին հետագային ունեցաւ իր փառաւոր կոթողանման կառոյցը:

Հին եկեղեցւոյ կալուածին յաւելումի ընթացքը շարունակուեցաւ իրարու յաջորդող թաղականութեանց ջանքերուն շնորհիւ, մինչեւ որ 455 մեթր․ տարածութիւն ունեցող ազգապատկան կալուածը հասաւ 1280 մեթր քառակուսիի մակերեսին:

Կալուածի այս ընդարձակման յիշատակելի հանգրուաններէն մէկը հանդիսացաւ Եղիա Մեքիքեանի տան մը նուիրատուութիւնը: Հետագային այդ տունէն գոյացող 10,000 լիբանանեան ոսկիով ապահովուեցաւ հարաւային մուտքի ձախ կողմի կալուածը՝ իր երկու սենեակներով, որոնցմէ առաջինը դարձաւ թաղականութեան ժողովատեղին եւ ամբողջացաւ Աբգարեան վարժարանին երկրորդ յարկը:

Հողի յաւելման վերջին փորձը իրականացաւ եկեղեցին շինելու բարերար Պօղոս Նաճարեանի խոստումով։ 9 Սեպտեմբեր 1964-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը, նախագահութեամբ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաճատ Ս. Արք. Ուրֆալեանի եւ բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Պօղոս Նաճարեանի։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն էր Գէորգ Էմմիեան։

1987-ին, Ամենայն Հայոց վախճանեալ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Վազգէն Ա. Լիբանան ուղարկեց Ս. Հռիփսիմէի մասունքներէն մաս մը, որ  1993-ին ամփոփուեցաւ Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Ժորժէթ Գալայճեաններու բարերարութեամբ կառուցուած «Ս. Հռիփսիմեանց» մատրան մէջ։

Եկեղեցւոյ Առաջնորդական Աթոռին բարերարութիւնը կատարեց Տէր եւ Տիկին Ժագ Կիւվլէկճեան, զանգակատան՝ Տէր եւ Տիկին Վահան Պուլղուրճեան, իսկ մկրտութեան աւազանին՝ Ատանայի Հայրենակցական Միութիւնը:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝

  • Տ. Գրիգոր Քհնյ. Սահակեան
  • Տ. Գուրգէն Քհնյ. Եարալեան
  • Տ. Արսէն Ա. Քհնյ. Աշըգեան
  • Տ. Զաւէն Քհնյ. Տէմիրճեան
  • Տ. Հմայեակ Քհնյ. Մինոյեան
  • Տ. Տարօն Քհնյ. Ստեփանեան
  • Տ. Օշին Ա. Քհնյ. Գէորգեան
  • Տ. Նարեկ Քհնյ. Հէճինեան
  • Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Փանոսեան
  • Տ․ Մաշտոց Քհնյ․ Քէշիշեան
  • Տ. Առաքել Քհնյ․ Տմտըմեան
  • Տ. Խորէն Քհնյ. Մելքոնեան
  • Տ. Յակոբ Քհնյ․ Պզտիկեան
  • Տ. Սուրէն Քհնյ. Արսլանեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ):

Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Տօնիկեան (ատենապետ), Յարութ Գույումճեան, Յակոբ Գազէզեան, Սարգիս Մարգարեան, Կարապետ Թօփէեան, Սարգիս Աննայեան, Աւետիս Ապուսէֆեան, Լեւոն Կարմիրեան եւ Յարութ Մխսեան։

12 Մարտ 2023-ին, տեղի ունեցաւ Թաղական խորհուրդի ընտրութիւն: Նորընտիր Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Յակոբ Տօնիկեան (ատենապետ), Յարութ Գույումճեան, Յարութ Մխսեան, Ճորճ Նալպանտեան, Վազգէն Քէչէճեան, Լութֆիկ Յակոբեան, Գէորգ Չիւքիւլեան, Միհրան Սահակեան եւ Սիւզան Օհանեան:

 

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net