Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն մէկն է Ս․ Պսակը, որով երկու անձեր՝ այր եւ կին կը դառնան մէկ մարմին եւ բարոյական մաքուր կեանք ապրելով կը կազմեն ընտանիք։

Ս․ Պսակի խորհրդակատարութեան արտօնագիր ստանալու համար պէտք է՝

  1. Ներկայանալ եկեղեցւոյ գրասենեակը եւ հանդիպիլ ծխատէր քահանայ հօր հետ։
  2. Ունենալ Բժշկական վկայագիր; Պսակի արտօնութեան թղթածրարներուն մէջ կարեւոր նկատուող բժշկական վկայագիրը առնելու համար, զոյգերը կ’երթան բժիշկի մը քով, որ զոյգէն կը պահանջէ արեան քննութիւն եւ կը յանձնէ քննութեան յատուկ պետական վկայաթուղթը, որ կը տարուի տարրալուծարան (laboratoire): Տարրալուծարանին կողմէ վկայագիրի վրայ քննութեանց արդիւնքները արձանագրել տալէ ետք, կը վերադարձուի նոյն բժիշկին, որ կը կնքէ զայն եւ իր ստորագրութիւնը կը դնէ վկայագրին կողքին։ Բժիշկը նաեւ կու տայ իր բժշկական քննութեան վկայագիրը։

– Անհրաժեշտ է ունենալ իւրաքանչիւրին անցագրի լուսանկարը, որպէսզի կցուի բժշկական վկայագիրներուն։

– Բժշկական վկայագիրը կ’ըլլայ երկու օրինակ, որուն մէկը կը տրուի զոյգին, որ զայն կը ներկայացնէ Ազգ. Առաջնորդարան, իսկ միւսը բժիշկին կողմէ կը ղրկուի պետութեան։

– Արտասահմանէն բերուած բժշկական վկայագիրը ընդունելի չէ։

  1. Եթէ հարսնցուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ է, իր շրջանի ծխատէր քահանայէն պէտք է ապահովէ Ազատ վիճակի գիր, որ ի զօրու կ’ըլլայ տրուած թուականէն մինչեւ մէկ ամիս։
  2. Եթէ հարսնցուն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ չէ, պարտի ազատ վիճակի գիր ապահովել իր պատկանած համայնքի Առաջնորդարանէն (Ծխատէր Քահանային կնիքը բաւարար չէ) կամ Կրօնական Իշխանութենէն, որ ի զօրու կ’ըլլայ թուականէն մինչեւ մէկ ամիս։

– Եթէ հարսնցուն քրիստոնեայ չէ, պէտք է ապահովել Առաջնորդ Սրբազան Հօր արտօնութիւնը։

  1. Վերստին ամուսնացողներու պարագային, պէտք է ներկայացնել առաջին ամուսնութեան վերջ դնող գրաւոր վկայագիրը (մահուան վկայագիր, ամուսնութեան անվաւերութեան կամ ամուսնալուծման վճիռներ)։

– Չամուսնալուծուած կողմը պէտք է ամուսնալուծման վճիռը կարդացած ըլլայ եւ վճիռին վրայ իր ձեռագիրով գրէ. «Կարդացի, տեղեակ եմ վճիռի բովանդակութենէն եւ առարկութիւն չունիմ»։ Եթէ երկու կողմերն ալ ամուսնալուոծուած են, պէտք է նոյնը ընեն։

  1. Ամուսնալուծեալները Դատաստանական Ատեանի գրասենեակէն պարտին նաեւ անդորագիր ներկայացնել։
  2. Նոր լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստացողներու պարագային, պարտին ներկայացնել իրենց նախկին քաղաքացիութեան պատկանելիութեան անհատական «իխրաժ քայտ»-ի օրինակը։
  3. Լիբանանցիներ պարտին նոր անհատական «իխրաժ քայտ» ներկայացնել, առաւելագոյնը մէկ ամսուան ժամկէտով։
  4. Այս թուղթերը պէտք է տանիլ ծխատէր քահանային եկեղեցւոյ գրասենեակը, որպէսզի քահանան թղթածրարը պատրաստէ եւ ամբողջացնէ։

 

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

  • Նախապէս հեռաձայնել 01-258300 թիւին եւ պսակի արտօնութեան ժամադրութիւն առնել։
  • Առաջնորդարանի մօտ եւ արտօնութեան գործողութիւններէն առաջ որեւէ պսակի ժամադրութիւն կամ դասաւորումներ չկատարել, (ինչպէս օրինակ հարսանեկան հրաւէրները տպել, թուական ճշդել, եւ այլն.)։
  • Առաջնորդարանին մէջ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայանալու համար պատշաճ հագուածք ունենալ։
  • Առաջնորդ Սրբազան Հօր քովէն ելլելէ ետք բարձրանալ երկրորդ յարկ՝ պսակի արձանագրութեան գործողութիւններու համար։
  • Ազգային Տուրքի գրասենեակէն անցնիլ եւ հարկ եղած ստուգումները եւ տեղեկութեանց ամբողջացումը կատարել:
  • Ազգային Առաջնորդարանի մէջ արձանագրուեկէ ետք, արտօնագրի վարդագոյն թուղթը պսակէն առաջ յանձնել ծխատէր քահանային։

 

Համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կանոններուն եւ աւանդութեան, խաչեղբայրը յոյժ թելադրելի է որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլայ։

 

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

(քաղուած Լիբանանի Հայոց Անձնական Իրաւանց կանոնէն)

Յօդուած 15. Այրը՝ տասնութ եւ կինը` տասնհինգ տարիքը չլրացուցած` չեն կրնար ամուսնանալ: Միայն թէ արտաքոյ պարագայի մէջ եւ յոյժ կարեւոր պատճառի մը բերմամբ տասնվեց տարիքը լրացուցած այր եւ տասնչորս տարիքը լրացուցած կնկան ամուսնանալու արտօնութիւն կրնայ տալ Առաջնորդը, համաձայնութեամբ Դատաստանական Խորհուրդի եւ Կրօնական Խորհուրդի ատենապետներուն:

Յօդուած 21. Այն այրը կամ կինը որ քսանմէկ տարիքը չէ լրացուցած՝ չի կրնար ամունանալ առանց իր հօր եւ մօր հաւանութեան. տարակարծութեան պարագային հօրը հաւանութիւնը կը բաւէ։

Եթէ հայրը կամ մայրը մեռած է եւ կամ անկարելի է անոնցմէ մէկուն համար իր կամքը արտայայտել, միւսին հաւանութիւնը բաւական է: Իսկ եթէ հայր եւ մայր ողջ են, բայց ամուսնալուծուած կամ բաժնուած են, բաւարար է այն կողմին հաւանութիւնը, որուն ի նպաստ տրուած է ամուսնալուծման կամ բաժանման որոշումը եւ որուն յանձնուած է զաւակը:

Եթէ հայրը եւ մայրը մեռած են եւ կամ անկարելի է անոնց համար իրենց կամքը արտայայտել, այն ժամանակ խնամակալին հաւանութիւնը կ’առնուի, իսկ եթէ խնամկալ չկայ, կ’առնուի ամենամօտիկ ազգականին հաւանութիւնը: Այս վերջին երկու պարագաներուն մէջ, եթէ Առաջնորդը տեսնէ, որ խնամակալին կամ ազգականին դիրքը ի վնաս թեկնածուին է, խնդիրը կվենթարկէ Դատաստանական Խորհուրդի որոշման:

Յօդուած 39. 41. Պսակադրութիւնը կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ. եկեղեցիէն դուրս պսակադրութիւնը Առաջնորդը կրնայ արտօնել միայն արտակարգ պարագաներուն:

Պսակադրութիւնը կը կատարուի առնուազն երկու չափահաս այր վկաներու ներկայութեամբ:

 

ՊՍԱԿԻ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐ

ա. Արենակցական չհասութիւն.- Մինչեւ չորորդ պորտը ներառեալ. այսինքն՝

  • ծնողքը՝ իրենց սերունդին հետ,
  • քոյրը՝ իր եղբօր հետ,
  • հօրեղբայրը՝ իր եղբօր աղջկան հետ,
  • հօրաքոյրը՝ իր եղբօր տղուն հետ,
  • մօրեղբայրը՝ իր քրոջ աղջկան հետ,
  • մօրաքոյրը՝ իր քրոջ տղուն հետ,
  • ինչպէս նաեւ քոյր եւ եղբօր երկու քոյր կամ երկու եղբօր զաւակներուն միջեւ։

 

բ. Խնամիական չհասութիւն.- Մինչեւ երրորդ պորտը նեռարեալ. այսինքն՝

  • հարս եւ աներհօր,
  •  փեսին եւ զոքանչին,
  • այր եւ իր եղբօր կնոջ միջեւ:

 

Այր մը իր ամուսնալուծուած կնոջը քրոջը հետ չի կրնար ամուսնանալ. միայն իր կնոջ մահուան պարագային կրնայ Կաթողիկոսարանի արտօնութեամբ իր քենիին հետ ամուսնանալ:

գ. Կնքահայրական չհասութիւն.- Կնքահայրը կամ կնքամայրը իր սանիկի, սանամօր կամ սանահօր հետ:

դ. Որդեգրական չհասութիւն.- Որդեգրողի եւ որդեգրեալի կամ անոնցմէ մէկուն եւ միւսին կողակիցին միջեւ:

ե. Այրը՝ իր կնոջ աղջկան կամ կինը՝ իր ամուսնոյն տղուն հետ:

զ. Խնամակալը խնամընկալին հետ՝ խնամակալութեան տեւողութեան ընթացքին:

 

ԾԽԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Խորհրդակատարութիւնները կը կատարուին ընտանիքին հօր բնակարանին ծխական եկեղեցւոյ մէջ (նշանախօսութեան պարագային՝ հարսնցուին, պսակի պարագային փեսային, մկրտութեան պարագային երեխային հօր եւ թաղման պարագային՝ ընտանիքի ամուսինին)։ Եթէ փափաք ըլլայ որ ծուխի եկեղեցիներէն զատ ուրիշ եկեղեցւոյ մէջ կատարել խորհրդակատարութիւնը, կարելի է Ազգ. Առաջնորդարանի մօտ յատուկ կարգերով։

Եթէ պատահի, որ ծխականի փեսան արտասահման կը բնակի եւ Լիբանան բնակարան չունի, ապա անոր ծնողքին ծխական շրջանը նկատի կառնուի, այլապէս հարսին կամ կնոջ ծնողքին բնակարանին ծխական եկեղեցին։

 

ԽԱՉԵՂԲԱՅՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, խիստ թելադրելի է, որ Պսակի խաչեղբայրը ըլլայ Հայ Առաքելական։ Պէտք է զգոյշ եւ ուշադիր ըլլալ այս կանոնի գործադրութեան, որովհետեւ Պսակի խաչեղբայրութիւնը իրաւասութիւն կու տայ Մկրտութեան կնքահայրութեան։

 

ՊՍԱԿԻ ՀԱՄԱՐ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ ՕՐԵՐ

  • Յունուար 5, 6 եւ 7 (Ճրագալոյց, Ս. Ծնունդ եւ Մեռելոց)։
  • Յունուար 13 (Տօն Անուանակոչութեան)։
  • Բուն Բարեկենդանի Կիրակիէն մինչեւ Ս. Յարութեան տօնին Երեքշաբթին։
  • Վարդավառի Կիրակի եւ Երկուշաբթի՝ Մեռելոց։
  • Ս. Աստուածածնի վերափոխման Կիրակի եւ երկուշաբթի՝ Մեռելոց։
  • Խաչվերացի Կիրակի եւ Երկուշաբթի՝ Մեռելոց։
  • Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Խաչի տօներու նախորդող շաբաթ օրը, կէսօրէ ետք ժամը 5։00-էն սկսեալ։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net