Նշանախօսութեան արտօնագիր ստանալու համար ազգայինէն կը խնդրուի դիմել ծխատէր քահանայ հօր՝ գրաւոր ժամադրութիւն ապահովելու նպատակով, եւ ապա ներկայանալ Ազգային Առաջնորդարան հետեւեալ փաստաթուղթերով․

  1. Նշանուող զոյգին անձնաթուղթերը կամ համապատասխան փաստաթուղթեր, այսինքն՝ անցագիր կամ անհատական «Իխրաժ քայտ»։
  2. Պսակի խաչեղբօր անհատական «Իխրաժ քայտ»-ին կամ որեւէ այլ փաստաթուղթ, ուր յստակ ըլլայ ենթակային Հայ Առաքելական ըլլալը։

Ազգային Առաջնորդարանի սկզբունքին համաձայն, նշանախօսութիւն կարելի է կատարել եկեղեցւոյ մէջ կամ տուներէն ներս։ Ճաշարաններու եւ այլ սրահներու մէջ կատարելը ընդունելի չէ։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net