Թաղման արտօնագիր ստանալու համար, ազգայինէն կը խնդրուի ժամադրութիւն ստանալ ծխատէր քահանայ հօրմէն եւ ապա ներկայանալ Ազգային Առաջնորդարան հետեւեալ փաստաթուղթերով․

  1. Հանգուցեալին անձնաթուղթը կամ անհատական «Իխրաժ քայտ»-ը, իսկ եթէ օտարահպատակ է՝ անցագիրը։
  2. Մահուան բժշկական վկայագիրը։
  3. Ոճիրի կամ արկածի պարագային իրաւական բժիշկի պաշտօնական վկայագիրը։
  4. Եթէ հանգուցեալը երկրէն դուրս մանացած է, սակայն թաղումը պիտի կատարուի Լիբանանի մէջ, ապա կը պահանջուի ճշդուած երկրի Լիբանանի դեսպանատան կողմէ վաւերացուած մահուան պաշտօնական փաստաթուղթը։
  5. Եթէ հանգուցեալը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ չէ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ կամ պիտի թաղուի Հայ Առաքելական գերեզմանատան մէջ, ապա պէտք է ապահովուի հանգուցեալի պատկանած համայնքէն համապատասխան արտօնագիր։

Այն օրերուն որ Ազգ. Առաջնորդարանը փակ է, կարելի է կապ պահել ծխատէր քահանայ հօր հետ թաղման դասաւորումները կատարելու համար՝ քահանայ հօր յանձնելով պահանջուած փաստաթուղթերը եւ թաղման արտօնագրի գումարը։ Հետագային, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնեան ենթակային հետ կապ կը հաստատէ թաղման արտօնագիրը եւ պաշտօնական ստացագիրը յանձնելու համար։  (Քահանայ հօր կողմէ տրուած ստացագիրը պէտք է վերադարձնել Առաջնորդարան)։

ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Եթէ ննջեցեալին աճիւնները արտասահմանէն պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Հայ Առաքելական գերեզմանատան մէջ, ապա կը պահանջուի մահացած եւ թաղուած երկրին մէջ գտնուող Լիբանանեան դեսպանատան կողմէ վաւերացուած պաշտօնական մահուան եւ փոխադրելու գործողութեան բոլոր փաստաթուղթերը։

Աճիւններու փոխադրութիւն կ’արտօնուի թաղման թուականէն նուազագոյն 7 ամիս ետք։

ԴԱՄԲԱՐԱՆ

  • Այն ազգայինները, որոնք դամբարանի կարիք ունին, պէտք է դիմեն Ազգային Առաջնորդարան։
  • Այն ազգայինները,  որոնք կ’ուզեն  իրենց դամբարանները ծախել, ապա պէտք է վերադարձնեն Ազգ. Առաջնորդարանին փոխան իրենց իրաւունքին։
  • Ազգայիններու միջեւ դամբարանի առ ու ծախը ընդունելի չէ եւ ոչ օրինաւոր։ հետեւաբար, կը կորսնցնեն դամբարանի ամէն իրաւունք։

ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

  • Շինութեան առնչութեամբ հարազատներու միջեւ հարցի պարագային, պատասխանատուն շինութեան արտօնագիրը ստացողն է։
  • Շինութեան պարագային, ընտանեկան դամբարանի տապանաքարի վրայ կը գրուի միայն իրաւատէր ընտանիքին մականունը։

ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

  • Խնդրագիր աճիւններու փոխադրութեան, ուղղուած Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով ուղղուած Գերեզմանատան Յանձնախումբին։
  • Խնդրագիր ներկայացնողին ընտանեկան կապը հանգուցեալին։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net