Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանատունը կառոյցի դիւանական բոլոր տեսակի աշխատանքներու համակարգման եւ համադրման կեդրոնն է, որ կ’առաջնորդուի դիւնապետով՝ հետեւելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Քաղաքական ժողովի ցուցմունքներուն եւ հրահանգներուն։

Դիւանապետը գլխաւոր կապն է Առաջնորդ Սրբազանին, Քաղաքական ժողովին, Խորհուրդներուն, յանձնախումբերուն եւ պաշտօնէութեան միջեւ։ Ան նաեւ Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան գործունէութեան պատասխանատուն է։

Դիւանապետը ազգայիններուն ջատագովն է Առաջնորդարանին մէջ, եւ իրաւասութիւններ ունի միջամտութիւններ կատարելու երբ ազգայինը ունի լուրջ հարցեր եւ դժուարութիւններ։

Ան կապն է Առաջնորդարանի եւ հայ թէ օտար անհատներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու, հաստատութիւններու ու պետական գրասնեակներու միջեւ։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net