Հայ Եկեղեցին մէկ մասն է Քրիստոնէական Ընդհանուր Եկեղեցւոյ, որ շատ կարեւոր ազդեցութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցած է մեր մտաւոր զարգացումին եւ քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ:

Մեր Եկեղեցին կը կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի: Առաքելական կը կոչուի, որովհետեւ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ քարոզուեցաւ Յիսուսի Առաքեալներուն կողմէ: Մեր Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Քրիստոսի Առաքեալներէն երկուքը՝ Ս․ Թադէոս եւ Ս․ Բարթողոմէոս եկան Հայաստան աշխարհ, քարոզեցին Քրիստոնէական կրօնքը ու այդ պատճառով իսկ նահատակուեցան:

Առաջին դարուն Հայաստանի մէջ Քրիստոսի Առաքեալներուն կողմէ քարոզուած կրօնքը հետզհետէ տարածուեցաւ Բ. եւ Գ. դարերուն, բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ զոհողութիւններու ճամբով:

Քրիստոնէութիւնը պետականօրէն արգիլուած կրօնք մըն էր ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ Հռոմէական Կայսրութեան տարածքին։ Անոնք, որոնք յայտնապէս կը հետեւէին Քրիստոնէութեան, կը հալածուէին եւ կ՚ենթարկուէին ծանրագոյն պատիժներու, նոյնիսկ՝ նահատակութեան:

Դ. դարու առաջին տարին՝ 301-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ջանքերով եւ Տրդատ Գ. Արքայի հրովարտակով հայ ժողովուրդը Քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ ազգային եւ պետական կրօնք:

Ե. դարը կոչուած է մեր պատմութեան Ոսկեդարը. Որովհետեւ նշեալ ժամանակահատուածին Հայոց Գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեան շնորհիւ ունեցանք ազգային գրականութեան ծաղկեալ շրջան մը:

Սահակ կաթողիկոս ընտրուեցաւ 387 թուականին եւ իր ամբողջ կեանքը ի սպաս դրաւ Հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

Սահակ Կաթողիկոսի գործունէութեան մէջ ամենէն փափուկ խնդիրը անոր յարաբերութիւնն էր Պարսից Արքայից Արքային հետ: Իբրեւ յունական կրթութիւն ստացած կրօնաւոր, ան միշտ կասկածի տակ էր բիւզանդական քաղաքականութեան համակիր ըլլալու հանգամանքով եւ հետեւաբար չէր վայելեր պարսկական իշխանութեան վստահութիւնը:

Սահակ Կաթողիկոսին իմաստութիւնը եղաւ տեսնել երկու կողմերէն՝ պարսկական եւ բիւզանդական հաւասարապէս սպառնացող վտանգը եւ Հայութեան փրկութեան միակ ճամբան գտնել Քրիստոնէութեան ամբողջական հայացման ու ազգային մշակոյթի մը ստեղծման մէջ: Այս քաղաքականութեան իրականացման համար թանկագին օգնական մը գտաւ ան յանձին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի:

Գիրերու գիւտէն եւ Մաշտոցի Եդեսիայէն դարձէն ետք Հայաստանի մէջ սկսաւ կրօնական եւ մշակութային հսկայ շարժում մը։

Յետագային, երբ իրենց ուսումը աւարտելէ ետք, Մաշտոցի աշակերտները Բիւզանդիոնէն վերադարձան, անոնք իրենց հետ բերին Ս. Գիրքի Յունարէն լեզուով աւելի հարազատ եւ ստոյգ բնագիր մը՝ Եօթանասնիցը: Այս անգամ թարգմանութեան գործը ղեկավարեց Ս. Սահակ, որ քաջածանօթ էր Յունարէն լեզուին եւ դպրութեան: Այս թարգմանութիւնը եղաւ այնքան հիմնական եւ ճշգրիտ, որ Հայերէն Աստուածաշունչը այսօր կը նկատուի ամենէն գեղեցիկներէն մէկը եւ օտար գիտնականներուն կողմէ արժանացած է «Թագուհի Թարգմանութեանց» տիտղոսին:

Արաբական տիրապետութեան շրջանին դժնդակ կացութեան մատնուեցան Հայ Ժողովուրդն ու Եկեղեցին: Հալածանքի եւ աւերածութեան այդ օրերուն, Հայոց Կաթողիկոսներուն մեծագոյն արժանիքը եղաւ ո՛չ միայն կանգուն պահել Կաթողիկոսական Աթոռը եւ պահպանել Հայոց Եկեղեցւոյ անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը, այլ նաեւ մնալ ժողովուրդի կողքին, մխիթարել զայն ու գործնապէս օգնել անոր:

Այս ժամանակաշրջանին ունեցած ենք բազմաթիւ Կաթողիկոսներ, որոնցմէ երկուքը յիշատակելի գործունէութիւն ունեցած են եւ իրենց հետքը ձգած մեր ազգային եւ եկեղեցական պատմութեան էջերուն վրայ:

Է. դարու մեծագոյն երեք դէմքերէն մին է Ներսէս Գ. Կաթողիկոս (641-661), որուն օրով պատահեցան արաբական արշաւանքները եւ հայ ժողովուրդը մատնուեցաւ ծանր տագնապի: Ներսէս Կաթողիկոս կոչուեցաւ շինող, որովհետեւ ան ձեռնարկեց մեծածաւալ շինարարական աշխատանքի: Իր բարձրացուցած կոթողներէն ամենայատկանշականն է Զուարթնոցի տաճարը:

Ներսէս Շինող գումարեց երկու ժողովներ Դուինի մէջ, 645-ին եւ 648-ին, որոնք զբաղեցան Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգչական ու դաւանական հարցերով: Կանոններ սահմանուեցան եպիսկոպոսներու վարչական պաշտօնի, քահանաներու գործունէութեան եւ եկեղեցական կալուածներու օգտագործման մասին: Երկրորդ ժողովին աւելի եւս շեշտուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ հակաքաղկեդոնական դիրքը:

Ներսէս Կաթողիկոսն էր դարձեալ, որ հաւաքել տուաւ մինչեւ իր օրը գրուած բոլոր հայ շարականները եւ ընտրել տալէ ետք լաւագոյնները, կազմեց կանոն մը, զոր գործադրել տուաւ բոլոր հայ եկեղեցիներուն մէջ: Կաթողիկոսին հրահանգով այս գործը գլուխ հանեց Բարսեղ Ճոն:

Յովհան Գ. Օձնեցի (717-728) ծանօթ է նաեւ Իմաստասէր անունով։ Օձնեցին եղած է մեծ բարեկարգիչ մը: Ան հաւաքած է մինչեւ իր ժամանակ սահմանուած Հայ Եկեղեցւոյ կանոնները եւ կազմած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ առաջին Կանոնագիրքը: Նոյնպէս ան հաւաքած է Կաթողիկոսներուն թղթակցութիւնները, մասնաւորաբար օտար՝ Յոյն, Ասորի եւ Վրաց Եկեղեցիներու պետերուն հետ, եւ զանոնք իբրեւ Կաթողիկոսարանի մնայուն արխիւ ամփոփած է հատորի մը մէջ, ծանօթ՝ ԳԻՐՔ ԹՂԹՈՑ անունով: Այս հատորը մինչեւ այսօր կը գործածուի իբրեւ թանկագին աղբիւրներէն մէկը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ աստուածաբանութեան:

Ը. դարէն մինչեւ ԺԱ. դար երկարող Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կարելի է բաժնել երկու մասերու.-

– Առաջինը՝ 730-էն 855, այսինքն Բագրատունեաց Թագաւորութեան հիմնադրութեան ժամանակաշրջանը, երբ բազմաթիւ Կաթողիկոսներ արագօրէն յաջորդեցին իրարու: Տիրող քաղաքական ծանր պայմաններուն պատճառով (արաբական հալածանքներու շրջան) սակայն, անոնք չկրցան կարեւոր հետք ձգել: Առհասարակ անոնց գործունէութիւնը սահմանափակուեցաւ ժողովուրդին հոգեմտաւոր եւ ազգային սնունդ ապահովելով:

– Երկրորդը՝ Բագրատունեաց Թագաւորութեան համեմատաբար բարգաւաճ շրջանն է, որուն ընթացքին ունեցանք կարգ մը մեծ դէմքեր, ինչպէս՝ Յովհաննէս Դրասխանակերտցին (պատմաբան), որ Կաթողիկոսական Աթոռը փոխադրեց Աղթամար՝ Արծրունեաց Թագաւորութեան սահմաններէն ներս: Կարեւոր այլ մեծ դէմք մը եղաւ Անանիա Մոկացին:

Քաղաքական անդորրութեան այս շրջանին զարգացաւ հայ վանականութիւնը: Վանական շարժումը Հայաստանի մէջ սկսած էր Քրիստոնէութեան հաստատման օրերէն եւ ծաղկած մանաւանդ Դ. եւ Ե. դարերուն, երբ ճգնարանները վերածուած էին հայ դպրութեան կեդրոններու:

Ժ. դարը կը նկատուի հայ վանական շարժումին Ոսկեդարը, երբ Հայաստանի զանազան նահանգներուն մէջ հիմնուեցան վանքեր, որոնք դարձան հայկական մշակոյթի ծաղկումի եւ ճառագայթումի կեդրոններ: Այդ վանք-ուսումնարաններէն են Հաղբատն ու Սանահինը, Նարեկն ու Շիրակի Դպրեվանքը, Կարմրջաձորն ու Հնձուց վանքը, եւ շատ ուրիշներ:

Վանքերուն նպաստը մեծ եղաւ մեր ազգային կեանքէն ներս: Անոնք եղան Հայ Եկեղեցւոյ անկախութեան ու ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի պահապանները, մշակոյթի կեդրոններ եւ օժտուած կրթական հաստատութեան մը բոլոր կարելիութիւններով։ Անոնք պատրաստեցին մտաւորական եւ եկեղեցական մեծ դէմքեր, հայ գրականութեան եւ գրչութեան ու մանրանկարչութեան պահապաններն ու զանոնք զարգացնողները.

Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսով նոր շրջան մը բացուեցաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Հետեւելով դէպի Արեւմուտք Հայութեան մեծ տեղաշարժին՝ Հայոց Կաթողիկոսութիւնը դուրս եկաւ պատմական Հայաստանէն՝ հաստատուելու համար նախ Ծամնդաւի, ապա Հռոմկլայի եւ ի վերջոյ Սիսի մէջ: Այն ժամանակաշրջանը, որ կը տեւէ ԺԱ. դարէն ԺԵ. դարու կէսը, որ կը կոչենք Կիլիկեան շրջան:

Լատին Եկեղեցւոյ ազդեցութիւնները, Կիլիկիոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ տկարացումը եւ եգիպտոսի Մեմլուքներուն մնայուն յարձակումները այնքան տկարացուցին Հայոց պետութիւնը, որ Լուսինեան տոհմի օրով, 1375 թուականին, վերջ գտաւ Հայոց Կիլիկեան Թագաւորութիւնը: Տագնապալի կացութեան մատնուեցաւ Հայութիւնը, որուն միակ կեդրոնը մնաց Հայոց Եկեղեցին իր Կաթողիկոսանիստ Սիս քաղաքով:

Այս ժամանակաշրջանին է, որ քաղաքական իշխանութեան անկումին հետեւանքով եւ Կիլիկիոյ մէջ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ լատին ազդեցութեանց միշտ ենթակայ ըլլալու վտանգին պատճառով, ինչպէս նաեւ՝ Արեւելեան Հայաստանի մէջ անկախ եկեղեցական վարչութիւն մը ունենալու ձգտումով՝ Արեւելեան Վարդապետներուն մօտ յառաջ եկաւ Կաթողիկոսական Աթոռին Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերահաստատելու գաղափարը: Այս շարժումին գլխաւոր դէմքերն ու դերակատարները եղան Տաթեւեան Դպրոցի Վարդապետները, որոնց յետագային միացան Աղթամարի Կաթողիկոսութեան իշխանութեան տակ գտնուող Վասպուրականի Վարդապետները:

1444-ին մեծ ժողով մը գումարուեցաւ Էջմիածնի մէջ եւ ներկաներուն կողմէ Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Կիրակոս Վիրապեցի անունով վանականը, որ իբրեւ Կաթողիկոս ճանչցուեցաւ Երեւանի Խանին կողմէ: Անդին Կիլիկիոյ գահին վրայ կը մնար Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեանց Կաթողիկոսը, եւ այսպիսով ԺԵ. Դարէն սկսեալ Հայաստանեայց Եկեղեցին ունեցաւ երկու կաթողիկոսներ:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net