Հայաստանեայց Եկեղեցին ԺԱ. դարէն ետք, իբրեւ գործունէութեան կեդրոն ունեցաւ Մեծ Հայքէն (Մայր Հայաստանէն) դուրս տարածքներ, գլխաւորաբար՝ Կիլիկիոյ մէջ: Սելճուքեան արշաւանքներու հետեւանքով, մանաւանդ Անի մայրաքաղաքին կործանումէն (1064) ետք, հոծ հայութիւն մը եկաւ հաստատուելու Կիլիկիա:

Գաղթականները, ընդհանրապէս զինուորականներ եւ իշխաններ, հետզհետէ հաստատուեցան Տաւրոսեան լեռնաշղթային եւ դաշտային Կիլիկիոյ մէջ, կազմակերպեցին ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ ստեղծեցին պետականութիւն, որ շուտով վերածուեցաւ թագաւորութեան: Մայրաքաղաք դարձաւ Սիս բերդաքաղաքը, ուր հաստատուեցաւ նաեւ Կաթողիկոսութեան Աթոռը, 1293ին:

 

ԵՐԿՈՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ­­­­­­­

Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութիւնը կործանեցաւ 1375-ին, Եգիպտոսի Մեմլուքներու արշաւանքին հետեւանքով: Սակայն Կաթողիկոսութիւնը շարունակուեցաւ եւ այնուհետեւ ստանձնեց Ազգային կեանքին ղեկավարութիւնը:

Նոյն շրջանին մեծ Հայք յարաբերական ազատութիւն մը կը վայելէր եւ վանական հաստատութեանց շնորհիւ մշակութային զարթօնք սկսած էր: Արեւելեան Հայաստանի ազդեցիկ Եպիսկոպոսներ եւ Վարդապետներ ծրագրեցին նոր Կաթողիկոս մը ընտրել Ս. Էջմիածնի մէջ, որ Կաթողիկոսական Աթոռին առաջին կայքն էր մինչեւ 485 թուականը եւ ջերմ սէր ու խոր յարգանք կը վայելէր հայ ժողովուրդին մէջ:

1441-ին, անոնք Կաթողիկոս ընտրեցին վանական մը՝ Կիրակոս Վիրապեցին, մինչ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն էր Գրիգոր Թ. Մուսաբէկեանց (1439-1446):

Հետեւաբար 1441 թուականէն սկսեալ Հայոց Եկեղեցին ունեցաւ զոյգ կաթողիկոսութիւններ համահաւասար իրաւասութիւններով, առանձնաշնորհումներով եւ թեմական անկախ կազմակերպութիւններով:

 

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՍԻ ՄԷՋ

ԺԵ. դարէն մինչեւ Ի. դար երկարող ժամանակաշրջանին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը շարունակեց ծառայել հայ ժողովուրդին, որ կարողացաւ տոկալ եւ գոյատեւել հակառակ Մեմլուքներու արշաւանքներուն եւ թրքական ցեղերու յաջորդական հարուածներուն: Բազմաթիւ Կաթողիկոսներ սպաննուեցան վայրագ կերպով: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամենէն տաժանելի տարիներն էին անոնք: Այսուհանդերձ Կաթողիկոսութիւնը յարատեւեց լուռ ու հերոսական պայքարի ու տառապանքի գնով:

Ամէն պարագայի, Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը չափազանց սահմանափակուած էր յաչս Օսմանեան պետութեան, որ 1461էն սկսեալ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը հաստատեց եւ զայն ճանչցաւ իբրեւ եկեղեցական եւ քաղաքային բարձրագոյն կեդրոն, Օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրող բոլոր հայերուն համար: Արդարեւ, Կոստանդնուպոլիսը նուաճող Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտ Բ. Պրուսայի Յովակիմ Եպիսկոպոսը նշանակած էր Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք, 1461-ին:

Երբ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան քաղաքային եւ եկեղեցական հեղինակութիւնը սկսաւ հետզհետէ զօրանալ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը բնականօրէն տկարացաւ: Բայց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շարունակեց ճանչցուիլ իբրեւ Հայոց հոգեւոր գերագոյն պետ, որուն իրաւասութեան սահմաններուն մէջ կ՚իյնային հետեւեալ թեմերը.-

Սիս, Ատանա, Հաճըն, Փայաս, Զէյթուն, Ֆըռնուզ, Այնթապ, Անտիոք, Մելիտինէ, Եոզղատ, Կիւրին, Կիպրոս, Բերիա (Հալէպ), այլ խօսքով Կիլիկիան եւ իր դրացի երկիրներէն Սուրիան եւ Կիպրոսը:

Հակառակ պատմական անբարենպաստ պայմաններուն, արձանագրուեցան նաեւ դրական աշխատանքի շրջաններ: Առանձնապէս հարկ է յիշատակել երկու անուն՝

Կիրակոս Կաթողիկոս Աջապահեան (1797-1822), որ կոչուած է նաեւ Կիրակոս Մեծ, եւ Մկրտիչ Կաթողիկոս Քէֆսիզեան (1871-1894): Երկուքն ալ մեծ ճիգ ի գործ դրին զօրացնելու համար Կաթողիկոսութիւնը՝ նոր շէնքերու, եկեղեցիներու կառուցումով, հովուական այցելութիւններով եւ թեմական կազմակերպութեամբ:

 

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԻԴԱՐՈՒՆ

1902-ին Կաթողիկոս ընտրուեցաւ բարձր արժանիքներու տէր հոգեւորական մը՝ Սահակ Արքեպիսկոպոս Խապայեանը, լուսարարապետ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին:

Ան մեծ ճիգ թափեց Կաթողիկոսական Աթոռի կազմակերպման համար: Սակայն 1909-ի Ատանայի կոտորածը 30 հազար զոհեր խլեց իր ժողովուրդէն: Վեց տարի ետք, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1915-1918) Օսմանեան Թուրքերը մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդեցին. մնացորդը տարագրուեցաւ աշխարհի զանազան կողմերը:

Պատերազմի աւարտին Կիլիկիոյ հայերը վերադարձան իրենց հայրենիքը, վերաշինեցին իրենց տուները եւ վերստին կազմակերպեցին ազգային-եկեղեցական կեանքը: Բայց, երբ ֆրանսական զօրքերը պարպեցին Կիլիկիան (Յունուար 1922), հայերը հարկադրաբար անգամ մը եւս լքեցին իրենց հայրենիքը եւ եկան հաստատուելու գլխաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որոնք այդ ժամանակ ֆրանսական հոգատարութեան տակ կը գտնուէին:

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռն ալ գրաւուեցաւ եւ աւերուեցաւ: Սահակ Բ. Կաթողիկոս հետեւեցաւ իր հօտին: Մնայուն կեդրոն մը չունէր: Հայրապետական իր պաշտօնին կատարման եւ աղետահար իր հօտին հոգեւոր խնամքը տանելու համար ան շրջեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան քաղաքները, միաժամանակ փնտռելով ապահով կայք մը իր Աթոռին համար:

 

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

1930-ին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաստատուեցաւ Անթիլիասի մէջ, որով նոր դարաշրջան մը բացուեցաւ անոր պատմութեան մէջ՝ թեմերու վերընձիւղումով: Համայն Սփիւռքի տարածքին ցրուած հայ ժողովուրդը նոր յոյսերով եւ ակնկալութիւններով լեցուն իր աչքերը յառեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Դպրեվանքը հայագիտական եւ կրօնագիտական ուսման կարեւոր կեդրոն մը դարձաւ: Նուիրեալ հոգեւորականներու հոյլ մը արժանաւորապէս իր ձեռքերուն մէջ առաւ թուրք ջարդարարներու հարուածներուն տակ ինկած հայ հոգեւորականներուն կէս ձգած գործը:

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net