Սահակ Բ. Կաթողիկոս հետեւլով իր հօտին, ապրեցաւ ժողովուրդի ցաւերն ու տառապանքները։ Կաթողիկոսը Լիբանանի մէջ մնայուն կեդրոն մը չուներ: Հայրապետական իր պաշտօնին կատարման եւ աղետահար իր հօտին հոգեւոր խնամքը տանելու համար ան շրջեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի զանազան քաղաքները, միաժամանակ փնտռելով ապահով կայք մը Եկեղեցւոյ Աթոռին համար:

Տարիներու յոգնասպառ աշխատանքին եւ տառապանքին տակ կքած եւ իր հօտին կրած անլուր հալածանքներէն ընկճուած՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոս ուզեց իրեն օգնական եւ աջակից ունենալ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանը, որ 1931-ի Ապրիլին Աթոռակից Կաթողիկոս ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ:

Անթիլիասի մէջ շուտով հաստատուեցաւ տպարան մը, ուր սկսաւ հրատարակուիլ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ «Հասկ» ամսագիրը, ինչպէս նաեւ՝ կրօնական, դաստիարակչական եւ պատմական այլ գործեր: Սակայն Սահակ Բ. Կաթողիկոսին յոյսերը իր յաջորդին մասին ի դերեւ ելան: Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոս, որ պիտի յաջորդէր իրեն վախճանեցաւ 1936-ին, հինգ տարուան եռուն ու արդիւնաւէտ աշխատանքէ ետք:

Այնուհետեւ Կիպրոսի թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Սարաճեան Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ նշանակուեցաւ, դարձեալ Սահակ Բ. կաթողիկոսին կողմէ: Իր անդուլ աշխատանքին շնորհիւ Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութենէն (Near East Relief) գնուեցաւ Անթիլիասի կալուածը (15 հազար քառ. մեթր), ուր 1922 եւ 1923 տարիներուն որբանոց բացուած էր:

Կառուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը (1940-ին՝ անանուն), բայց յետ մահու հրապարակուած բարերարութեամբը՝ Պոլսահայ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մարինոս Գնաճեանի:

1938-ին Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակին բարձրացաւ Ս. Ստեփանոս յուշրաձան-մատուռը, բարերարութեամբ կիպրաբնակ տիար Վահրամ Իւթիւճեանի: Կառուցուեցան նաեւ վեհարանի եւ դպրեվանքի շէնքերը:

Սահակ Բ. Կաթողիկոս վախճանեցաւ 1939-ին: Իրեն յաջորդեց իր ընդհանուր փոխանորդը՝ Պետրոս Սարաճեան, որ վախճանեցաւ յաջորդ տարի՝ 1940-ի Սեպտեմբերին:

Մինչ այդ ծագած էր Բ. Աշխարհամարտը: Նոր Կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը կարելի եղաւ միայն 1943-ին: Հիւսիսային Միացեալ նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Արք. Յովսէփեանց Կաթողիկոս օծուեցաւ երկու տարի ետք, 1945-ի Ապրիլին: Իր գահակալութեան շրջանին (1945-1952) Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ մշակութային ծաղկում: Կաթողիկոսը ինք գիտնական մարդ՝ զարկ տուաւ Դպրեվանքին, արդիականացուց տպարանը եւ թափ տուաւ հրատարակչական գործին: Հետզհետէ արժէքաւոր հատորներ հրատարակուեցան:

Կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթը աւելի բովանդակալից դարձաւ: Դպրեվանքի ուսանողութեան թիւը բարձրացաւ, ուսումնական ծրագիրը ընդլայնուեցաւ: Նոր եւ որակաւոր դասախօսներ միացան ուսուցչական կազմին: Ս. Աթոռին գործունէութեան շրջագիծն ու տարողութիւնը ընդարձակուեցան:

Իր վախճանումէն (1952) չորս տարիներ անցան մինչեւ յաջորդին ընտրութիւնը (1956), յանձին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին:

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեան երիտասարդ, սրբակենցաղ եւ խոր նուիրումի տէր հոգեւորական մըն էր, անդրանիկ շրջանաւարտը Անթիլիասի դպրեվանքին: 16 տարիներ իբրեւ առաջնորդ պաշտօնավարած ըլլալով Հալէպի մէջ, վարչական հարուստ փորձառութիւն ձեռք բերած էր: Իր կարճատեւ գահակալութեան տարիները կարեւոր իրագործումներով արդիւնաւորուեցան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հովանին տարածեց սփիւռքահայ բազմաթիւ թեմերու վրայ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր անհովիւ եւ հոգեւորապէս անմխիթար մնացած էին: Դպրեվանքը դարձաւ իր մասնաւոր հոգածութեան առարկան: Այլ Եկեղեցիներու եւ պետութեանց հետ Կաթողիկոսութեան յարբերութիւնները դարձան բարեկամական եւ սիրալիր:

Իր ներշնչումով եւ իր անձնական առաջնորդութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մուտք գործեց միջ-եկեղեցական շարժման մէջ, անդամակցելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ մասնակեցելով Վատիկանի Բ. ժողովին՝ դէտերու առաքումով:

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի անակնկալ վախճանումը 1963 Փետրուարին, երբ տակաւին հազիւ 48 տարեկան էր, խորապէս խոցեց սիրտերը համայն հայութեան:

Իր աջ բազուկը՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Բարոյեան 1963-ի Մայիսին բացարձակ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին Կաթողիկոս:

Սուրբ Էջմիածին, ինչպէս 1956-ին, 1963-ին եւս իր մասնակցութիւնը չբերաւ Կիլիկիոյ նոր Կաթողիկոսի ընտրութեան:

Խորէն Ա. կաթողիկոս Բարոյեանի գահակալութեան օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ապրեցաւ շինարար աշխատանքի եռուն շրջան մը: Հայրապետական իր ջանքերուն շնորհիւ, 1966-ին Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը օժտուեցաւ արժանավայել վեհարանով, արդիական տպարանով, մատենադարանով եւ վանական յարակից բաժիններով: Դարձեալ իր ճիգերուն պտուղը եղաւ գրական մրցանակներու եւ մշակութային-կրթական ծրագիրներու իրագործումը: Նկատառելի վաստակ մը կապուեցաւ իր անունին նաեւ հանրանուէր գործունէութեան մարզէն ներս, ընկերային զանազան ձեռնարկներու ձեռներէց կազմակերպութեամբ (Ֆանարի Լէյլաւանի իրագործումը ամենէն պերճախօս վկայութիւնն է այս իմաստով): Վերջապէս, հովուապետական իր այցելութիւններով Խորէն Ա. Կաթողիկոս յաջողեցաւ աւելի սերտ կապերով իրարու զօդել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարբեր թեմերը, զարկ տալով անոնց առաւել կազմակերպումին եւ բարգաւաճումին:

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի յառաջացած տարիքն ու ֆիզիքական քայքայուած վիճակը պատճառ դարձան, որ ան 20 Յունուար 1977-ին հրապարակէ Կոնդակ մը, խնդրելով Աթոռակիցի մը ընտրութիւնը: Մայիս 1977-ին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Գարեգին Եպս. Խարգիսեան ազգային համերաշխութեան ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 41-րդ գահակալ: Ս. Էջմիածին երկու պատուիրակներով մասնակցեցաւ Աթոռակից Կաթողիկոսի ընտրութեան:

Աթոռակից Կաթողիկոսին ու ապա՝ 1983-ի, Խորէն Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր գահակալութեան 18 տարիներուն ընթացքին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեան մեծ զարկ տուաւ Անթիլիասի ազգային-կրօնական, մշակութային եւ շինարարական մարզերուն աշխուժացման: Ան հաստատեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, Դպրեվանքը Անթիլիասէն փոխադրեց Պիքֆայա, նոր շէնքերով ընդարձակելով եւ արդիականացնելով զայն:

Գարեգին Բ.ի օրով Անթիլիասի տպարանը ապրեցաւ ծաղկումի շրջան մը: Աւանդաբար, տարեկան կազմակերպուեցան գիրքի ցուցահանդէսներ: Հիմնուեցաւ հայ մայրապետներու Գայեանեաց միաբանութիւնը: Վերակառուցուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարն ու Նահատակաց Մատուռը: Կառուցուեցաւ եւ գրեթէ աւարտին հասաւ Կաթողիկոսարանի թանգարան-մատենադարանը:

Պատմական աննախընթաց քայլով մը, 4 Ապրիլ 1995-ին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, որ կարճ ժամանակ մը միայն գահակալեց՝ մինչեւ ‎29 Յունիս 1999։

Գարեգին Կաթողիկոսի Էջմիածին մեկնումով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Սուրբ Աթոռին գահակալ ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Արամ Արք. Քէշիշեանը, 28 Յունիս 1995-ին, որուն կաթողիկոսական օծումը կատարուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին կողմէ, 1 Յուլիս 1995-ին։

Արամ Ա․ Կաթողիկոս նոր շունչ բերաւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին։ Ան իր նախորդներուն պէս շէնցուց եւ առաւել եւս պայծառացուց Կաթողիկոսարանն ու Դպրեվանքը: Իր օրով է, որ աւարտեցաւ եւ բացումը կատարուեցաւ ԿԻԼԻԿԻԱ թանգարան մատենադարանին, կառուցուեցան եպիսկոպոսարան եւ վարդապետանոց, հիւրերու սենեակներ, գրասենեակներ, նորոգուեցան Մայր Տաճարն ու Դպրեվանքի շէնքերը։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեծ կարեւորութիւն տուաւ նաեւ էքիւմէնիք շարժումին։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինք վերստին ընտրուեցաւ Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին։ Առաւել եւս ամրացուց միւս բոլոր եկեղեցիներուն հետ մեր Աթոռին կապերը, սատարեց իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան զարգացման Լիբանանի մէջ եւ այլուր։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net