Գերմանիոյ Դեսպան Մարթին Հութին Ի Պատիւ Ընդունելութիւն-Հաւաք

Լիբանանի Հայոց թեմին Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ, երկուշաբթի, 13 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք` Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի: Ներկայ էին դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, նախկին եւ ներկայ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական

Continue reading

Նորակառոյց Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մասին Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին Յայտարարութիւնը

Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին եւ շուտով ընթացք պիտի առնեն նաեւ կահաւորումի եւ ներքին դասաւորումներու աշխատանքները: Այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին համալիրի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած իրերայաջորդ շինարարական յանձնախումբերու բոլոր անդամներուն եւ գործին աջակցող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ

Continue reading

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Առաջին Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն:

Continue reading