Սարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան, կիրակի, 29 մայիս 2016-ին Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն: Պատարագը մատուցեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Արդարեւ, պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը ձեռնադրեց Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիէն` Մուրատ

Continue reading

Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Օրերու Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը Կոչ Ուղղեց Հաւատարիմ Մնալու Անոնց Հաւատքի Ուղիին

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ հինգշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Ռաուտայի մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան: Ան խօսեցաւ տօներուն եւ աւանդութիւններուն կարեւորութեան մասին` եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ: Քահանայ հայրը բացատրեց,

Continue reading

Սրբոց Հռիփսիմեանց Նուիրուած Յատուկ Արարողութիւնները Կը Համախմբեն Հաւատացեալները

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի ունեցող աղօթքի շաբթուան շրջագիծին մէջ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւն: Այնուհետեւ օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան, որ շեշտը դրաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ

Continue reading

Յատուկ Աղօթքով Եւ Թափօրով Բացումը Կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց Կոյսերու Աղօթքի Շաբթուան

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած սովորութեան համաձայն եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, 9 մայիսէն 23 մայիս թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենան Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած յատուկ արարողութիւններ: Առ այդ, երկուշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը, ուր կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց

Continue reading

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Հանդիսաւոր Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով` 2003 թուականին, ընդառաջելով Արցախի հողը իր թանկ արեամբ ոռոգած նահատակի ընտանիքին առաջարկին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ծնունդ տուաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին, որ տեղի կ’ունենայ տարեկան դրութեամբ եւ կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ ու երկրորդական կարգերու աշակերտութիւնը` ստեղծելով ազնիւ մրցակցութեան խանդավառ մթնոլորտ

Continue reading