Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Մեր Ժողովուրդը Ազգային Հաւատարմութեամբ Յարութեան Հաւատքը Արտայայտած Է Իր Պատմութեան Ամբողջ Տեւողութեան» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Ս. Յարութեան տօնին առիթով` կիրակի, 27 մարտ 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ Սրբազանը անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան դէպքին յայտնեց, որ մեր եկեղեցիներուն մէջ կը պատմեն, թէ ինչպէ՛ս երբ Յիսուսի

Continue reading

Յարութեամբն Իւրով Մեզ Զկեանս Պարգեւեաց

Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք ամենակալին Աստուծոյ, որ ահաւասիկ, զատկական ոգեւոր մթնոլորտի մէջ, առիթ կ՛ընծայէ մեզի դարձեալ մեր հայրերուն պայծառ հաւատքով ըսելու. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»: Համաձայն աւետարանական վկայութեան, իր յարութենէն ետք, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նախ երեւցաւ իր աշակերտներուն, որպէսզի

Continue reading

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն» Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

  Ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ժամերգութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան

Continue reading

Աւագ Հինգշաբթի Օրուան Նշում Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ

Հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն, ձեռամբ` Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մերօրեայ ընկերութեան մէջ քրիստոնէական հասկացողութիւնները սկսած են տեղ չունենալ, եւ ցաւով յայտնեց, թէ

Continue reading

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Առաւօտեան ժամը 8:30-ին կատարուեցաւ ոչխարներու զենում: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը: Կիրակի, 6 մարտի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արաքս թաղի կիսուն տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի

Continue reading

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի 9 Կիսասարկաւագներ Ստացան Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սարկաւագներու զոյգ տօներուն առիթով, ուրբաթ, 25 դեկտեմբեր 2015-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ ու կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն: Պատարագը մատուցեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան: Արարողութեան նախագահեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ

Continue reading