Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաք

Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Սումկայիթի զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած յիշատակի հաւաքին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ պատմական ակնարկով մը լուսարձակի տակ

Continue reading

Հոծ Թիւով Հաւատացեալներու Ներկայութեան Վարդանանց Յիշատակի Նշում` Նորաշէնի Մէջ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, հանդիսաւոր կերպով եւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան նշուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, չորեքշաբթի առաւօտուն տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, ապա աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյ: Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Նորաշէնի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ

Continue reading