Սրբապատկերներու օծում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի, 31 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:  Պատարագի ընթացքին սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց բարերարի մը կողմէ եկեղեցւոյ նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերները, որոնք աշխատանքն էին հայրենի գեղանկարիչ Մարատ Մարգարեանի: Հաւատացեալ ժողովուրդին

Continue reading

Անուանակոչութիւն Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 յունուար 2016-ին։ Առաւօտեան Արագածի ակումբին մօտ  տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի «Ազիրեան» ակումբ, ապա Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր առաջնորդ սրբազանը մատուցեց Ս. պատարագ: Իր քարոզին

Continue reading

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազանին հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի եղբայրները շաբաթ, 23 յունուար 2016-ին այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին` միութեան գործունէութեան քառամեակի սկիզբը փոխադարձ ծանօթացման նպատակով: Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ կազմը եւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներու մանրամասնութիւններուն: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր միութեան տարած բեղուն աշխատանքներուն

Continue reading

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը առիթ` վերաշեշտելու Հայաշէնի հայեցի դիմագիծը

Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 Յունուար 2016-ին։ Առաւօտեան եկեղեցւոյ թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եւ սրբալոյս միւռոնով օծեց Վազգէն

Continue reading

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ

Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով վերաքաղի կ՛ենթարկենք 21

Continue reading