«Ամէն ազգային անհատ որ չափահաս է եւ վաստակ ունի եւ շահու տէր, պարտական է մասնակից ըլլալ ազգային ծախուց։ Այս տուրքը տարեկան է եւ բաշխման հիմը բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութիւնը։ (Ազգային Սահմանադրութիւն, յօդուած 90)

Այս յօդուածը առնուած է Ազգային Սահմանադրութենէն։ Սա ինքնին ցուցանիշ մըն է, որ Ազգային Տուրքը պատահական նախաձեռնութիւն մը կամ պարատականութիւն մը չէ։

Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ հիմնուած է ՊԱՐՏՔի եւ ԻՐԱՒՈՒՆՔի սկզբունքին վրայ, չէր կրնար նկատի չառնել անհատին մասնակցութիւնը ազգային հաւաքական կեանքի կարիքներուն եւ բարգաւաճման։ Հետեւաբար, անհատին մասնակցութիւնը կոչուեցաւ Ազգային Տուրք։

Ազգային Տուրքը, ուրեմն, կարեւոր է ազգ-անհատ յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ պարտաւորութիւններու մէջ։

Ազգային Տուրքի փոխարէն, Ազգին ալ պարտականութիւնն է հոգ տանիլ ազգայիններու բարոյական, մտաւորական եւ նիւթական կարիքներուն։

Ազգային Տուրքի կարեւորութիւնը եւ իմաստը կը շեշտուի նաեւ անով, որ ազգային ընտրութիւններուն, այսինքն՝ թաղականական ընտրութիւններուն, ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան առթիւ, ընտրելու կամ ընտրուելու համար պէտք է Ազգ. Տուրքը վճարած ըլլան։ Ազգային ընտրութիւնները հիմքը կը կազմեն մեր վարչական կառոյցին, եւ այդ կառոյցին կազմութեան պայմաններէն մէկն է, որ իւրաքանչիւր մասնակցող իր Ազգային Տուրքի պարտաւորութիւնները լրիւ կատարած ըլլայ։

Այս բոլորէն ի յայտ կու գայ, որ Ազգային Տուրքը տնտեսական բեռ մը չէ, որ դրուած է իւրաքանչիւր անհատի ուսերուն, այլ՝ հաւաքական կեանքին մէջ մասնակցութիւն բերելու մատչելի, օրինակելի եւ խորհրդանշական ձեւ մը։

Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, իւրաքանչիւր հայ տղամարդ, որ 21 տարիքը կը բոլորէ, կը սկսի բերել Ազգային Տուրքին իր տարեկան բաժինը եւ կ՛ունենայ իր անձնական տախտակը, որուն համար պէտք է ներկայանայ Ազգային Առաջնորդարանի Ազգային Տուրքի պաշտօնեային եւ փոխանցէ պէտք եղած տուեալները։

Տարեկան դրութեամբ Ազգային Տուրք վճարելը եւ մատչելի է եւ չի կուտակեր գումարները։ Ազգային Տուրքը կը գանձուի համաձայն ենթակային կարողութեան։

Ազգային Տուրքի սակը ենթակային տարեկան եկամուտին հետ բաղդատելով ի յայտ կու գայ, որ Ազգային Տուրքի տոկոսը տարեկան եկամուտին ոչ թէ հարիւրերորդն է, այլ՝ մէկ հազարերորդը, ինչ որ աննշան գումար մըն է:

Եթէ այն տպաւորութիւնը զգացուի որ մեծ գումար կը պահանջուի, պէտք է տեսնել, թէ ենթական քանի տարի չէ վճարած եւ գումարը տարիներու վրայ բաժնելով՝ դարձեալ տեսնել տարեկան հաշուով գանձուած գումարին փոքր ըլլալը:

Հետեւաբար, աւելորդ եւ չափազանցուած են Ազգային Տուրքի մասին եղած վնասակար եւ ազգավնաս տեղեկութիւնները եւ վախը:

Ազգային տուրքը կրնաք վճարել Ազգային Առաջնորդարանին մէջ եւ կամ ալ գանձիչի միջոցաւ, որ հասցէներու հիմամբ տուները կ՛այցելէ։ Վճարող հայորդիները իրաւունք ունին պահանջելու ստացագիրներու կրկնօրինակները։ Ստացագիրները պէտք չէ փճացնել, այլ՝ ապահով պահել։

Ազգային Գաւառական ժողովի որոշումով, Ազգային Տուրքի 80%-ը կը տրամադրուի կրթական նպատակներու։

Իգական սեռի զաւակները Ազգային Տուրքին տարեկան դրութեամբ չեն մասնակցիր, այլ առիթներով, ամուսնութեան կամ զաւակի մկրտութեան ատեն, տիկնոջ հաշուոյն կը գանձուի այդ առիթին համար Ազգային Տուրքի նուազագոյն սակը։

Թաղման պարագաներուն Ազգային Տուրք չի գանձուիր։ Մնացեալ խորհրդակատարութեանց առիթներով, ազգայինը պէտք է վճարած ըլլայ իր Ազգային Տուրքը։

All Rights Reserved, Armenian Prelacy of Lebanon | Website by Alienative.net