Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն Մատրան Անուանակոչութիւն Եւ Նորակառոյց Տախտակէ Դրան Օրհնութիւն

Կիրակի, 2 դեկտեմբերին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան անուանակոչութիւնը: Այս առիթով առաւօտեան  ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս հասաւ Ֆանար, ուր Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն, որմէ ետք ան ուղղուեցաւ Ս. Երրորդութիւն մատուռ, ուր օրհնեց մատրան նորակառոյց տախտակէ դուռը: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ շաբաթ, 1 դեկտեմբերին, Հայ առաքելական եկեղեցին տօնեց իր հիմնադիր երկու առաքեալներուն` Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի տօնը: Սրբազանը իր քարոզին իբրեւ բնաբան առաւ Մատթէոսի աւետարանին մէջ գրուած այն խօսքը, ըստ որուն, Քրիստոս իր 12 առաքեալները կը ղրկէր Աստուծոյ թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու համայն մարդկութեան` աւելցնելով, որ քրիստոնէութիւնը այս պատգամին անլռելի արձագանգն է եւ քրիստոնեան ինքնիրեն համար չ՛ապրիր, այլ` կ՛ապրի Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ: Ակնարկելով Քրիստոսի վերոյիշեալ պատգամին` Սրբազանը թուեց երեք յատկութիւններ. ա) Քրիստոս իր առաքեալները կը ղրկէ, հետեւաբար քրիստոնեան անոնց օրինակին հետեւելով չի կրնար անշարժացած վիճակի մէջ գտնուիլ` աւելցնելով, որ քրիստոնեան իր նկարագիրով, ինքնութեամբ եւ իր կեանքը ապրելու եզակի եղանակով` զԱստուած կը տանի մարդկութեան եւ այդ տանիլը քրիստոնեային ամէնօրեայ պարտաւորութիւնն է եւ յաջողութեան գրաւականը, բ) Քրիստոս իր պատգամին մէջ առաքեալներուն կ՛ըսէ նաեւ «քարոզեցէք», այսինքն` քրիստոնեան երբ ընկերութեան մէջ է, պէտք չէ տատամսի եւ վախնայ Քրիստոսի մասին վկայելու, որովհետեւ ան չի կրնար զԱստուած եւ անոր տուած տասը պատուիրանները ինքնիրեն պահել, այլ պէտք է վկայէ անոնց մասին, գ) Քրիստոս առաքեալներուն կու տայ անոնց տանելիք պատգամին բովանդակութիւնը, որ ըսեն, թէ մօտեցած է Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ աստուածային սիրոյ թափանցումն է իւրաքանչիւր մարդ արարածի կեանքին մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ մենք պէտք է այդ սէրը արտայայտենք մեր անմիջական, անհատական, ընտանեկան, ընկերային, ազգային եւ յարաբերական շրջանակին մէջ եւ հոն է քրիստոնէութեան յաջողութեան բանալին:

«Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը այս շրջանի բոլոր հաւատացեալներուն տօնն է, որովհետեւ եկեղեցին առաքելութիւն եւ ծառայութիւն է` սիրով զսպանակուած: Եկեղեցւոյ քարեղէն կառոյցը հոգեւոր կառոյցի կը վերածուի մեզմով` հաւատացեալներով, որովհետեւ մենք` իբրեւ բարոյական եւ հոգեւոր քարեր, կը բարձրացնենք եկեղեցին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, եւ ի պահանջեալ հարկին այդ եկեղեցին կը դառնայ ընտանիք, դպրոց, մշակոյթ եւ ակումբ: Այս է հայ քրիստոնեայ ըլլալը, այսինքն` ապրիլ մեր քրիստոնէական կոչումը մեր հայրերուն, սուրբերուն եւ հերոսներուն օրինակով եւ մեր հերթին մեր կեանքով, խօսքով, գործով արձանագրել մեր քրիստոնէական վկայութիւնը մեզի յաջորդող սերունդներուն համար», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ ընտանիքին, շրջանի միութիւններուն եւ բոլոր նուիրեալներուն, որոնք իբրեւ կառոյց, միութիւն, մարմին, բարերար եւ հաւատացեալ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ ու անոր ընդմէջէն Լիբանանի հայոց թեմին եւ հայ եկեղեցւոյ հաւաքական առաքելութեան ծառայութեան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան «Լէյլաւան» Դարմանատան Վերաբացում

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շրջանի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» դարմանատան վերաբացումը: Սրբազան Հայրը օրհնեց դարմանատունը եւ յաջողութիւն մաղթեց աշխատանքներուն:

Ապա ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Ս. Երրորդութիւն մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան իր խօսքին մէջ յիշատակելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութենէն բաժիններ հաստատեց, որ ամէն ինչ կը սկսի կեանք առնել հայ առաքելական եկեղեցիով եւ իր վերջաբանը կը գտնէ նոյն եկեղեցիով: Ան յայտնեց, որ 1972-ին մեր նախնիները ամրակուռ հաւատքով եւ մեծ կապուածութեամբ Լէյլաւանի շրջանին մէջ կը հաստատեն եկեղեցին` կորսնցուցած ըլլալով Քարանթինայի մէջ գտնուող թիթեղածածկ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ քաջ գիտնալով, որ հայը ո՛ւր որ ալ ըլլայ կրկին կը կառուցէ իր եկեղեցին, իր հաւատքի տունը: «46 տարիներ ետք մեր երազը իրականացաւ եւ սրբազան հօր տնօրինումով մեր մատուռը կոչուեցաւ Ս. Երրորդութիւն», ըսաւ Խաչիկ Էլէյճեան եւ աւարտելով իր խօսքը նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որուն թելադրանքներով, ուղղութիւններով եւ յատուկ կարգաւորումներով իրենց աշխատանքն ու ծրագիրները հեզասահ ընթացք առած են, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց մատրան բարերարներուն, շրջանի կառոյցներուն եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին:

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ այն եկեղեցին որ պատերազմի պատճառով այրեցաւ, Աստուած զինուորեալ եկեղեցին պահելով անոնց միջոցով վերստին կառուցեց քարաշէն կառոյցը` աւելցնելով, որ մատուռը ուղղակի Աստուծոյ անունով կոչուեցաւ Ս. Երրորդութիւն, եւ հրաւիրեց ներկաները ամէն կիրակի Աստուծոյ տունը լեցնելու եւ արժեւորելու զինք: «Գարակէօզեան» դարմանատան առաքելութիւնը եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը զիրար կապելով քահանայ հայրը ըսաւ, որ դարմանատունը սովորական տեղ մը չէ, որովհետեւ անիկա պիտի ծառայէ մեր ժողովուրդի զաւակներու մարմինին առողջութեան, որ ինքնին սուրբ է, իսկ եկեղեցին կը ծառայէ հոգիի բուժումին:

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան խօսք առնելով յայտնեց, որ ասիկա յատուկ օր է, որովհետեւ կը զուգադիպի երկու առիթներու: Առաջինը` փոքրիկն Հաուըրտ Գարակէօզեանի մահուան 100-ամեակն է այս տարի: Ան 1918-ին 14 տարեկան հասակին հիւանդութեան մը պատճառով կը մահանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ իր ծնողքը` Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններ կ՛որոշեն իրենց հանգուցեալ զաւկին անունով հիմնարկ մը բանալ. անցնիլ մահէն դէպի կեանք: Երկրորդը` երբ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններ կը մահանան, իրենց աղջիկը` Լէյլան կը ստանձնէ այս առաքելութիւնը եւ գալով Լիբանան, Սուրիա, Միջին Արեւելք, զանազան բարերարութիւններ կ՛ընէ, որոնց շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ Լէյլաւանը: 1968-ին ան հասնելով Ֆանար, Լէյլաւանի շրջանին մէջ շէնքեր կը կառուցէ, եւ շրջանը կը կոչուի Լէյլաւան, որուն 50-ամեակն է այս տարի: Օհանեան ըսաւ, թէ ներկայիս Գարակէօզեան ընտանիքէն ոչ ոք մնացած է, սակայն հիմնարկութիւնը կայ: «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկը այսօր կը գործէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Մենք իբրեւ 100-ամեայ երիտասարդ հաստատութիւն պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը` տալով մեր ժողովուրդին ո՛չ միայն ֆիզիքական ծառայութիւն, այլեւ նեցուկ պիտի կանգնինք անոր` զանազան տեսակի դժուարութիւններ դիմագրաւելու համար: Թող այս առիթը մեզի ներշնչէ միասնակամութիւն, ծառայութիւն, յոյս եւ հաւատք» եզրափակեց Սերոբ Օհանեան:

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին անունով Րաֆֆի Տեմիրճեան անդրադառնալով «Գարակէօզեան» հիմնարկի վերաբացման նկատել տուաւ, որ դարմանատան ներկայութիւնը Լէյլաւանի մէջ այժմէական է, հիմնական է ու կարեւոր` քաջ գիտնալով շրջանի ընտանեկան պարագաներու կարիքները, ընկերային եւ առողջապահական դժուարութիւնները: Տեմիրճեան ողջունեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան մօտեցումը Լէյլաւանի նկատմամբ եւ շրջանի դարմանատան վերաբացման աշխատանքին մէջ Սերոբ Օհանեանի ունեցած դերակատարութիւնը: Ան գնահատեց նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան գործունէութիւնը` հաստատելով, որ վերջին տարիներուն թաղականութիւնը վերելքի մէջ է: Իւրաքանչիւր տարի պզտիկ բաժին մը նորոգուելով, քար առ քար կ՛աւելնայ եւ կամաց-կամաց մատուռը իր արժանի կերպարը կը ստանայ: Տեմիրճեան ակնարկելով սրբազան հօր շեշտեց, որ անոր ներկայութիւնը շրջանին մէջ ոգեւորիչ է եւ յաւելեալ թափ կու տայ աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ սրբազան հօր ոճը եւ մթնոլորտը քաջալերական է շրջանին մէջ եւ յոյս յատնեց, որ տարուան ընթացքին նման առիթներ կրկնուին շրջանին մէջ:

Աւարտին Սրբազան Հայրը խօսք առնելով ըսաւ, որ իւրաքանչիւրս առաքելութիւն մը ունի այս աշխարհին մէջ, սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ բոլորս միասնաբար հաւաքական առաքելութիւն ունինք, որ երկու շրջագիծով լուսարձակի տակ բերուեցաւ. ա) Ֆանարի մատուռը կոչուեցաւ Ս. Երրորդութիւն: Սրբազանը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր Ֆանար այցելութեան ընթացքին ազգային մը քաղցր յիշատակներով եւ կենդանի ոգիով նկարագրած է Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ թէ ինչպէ՛ս այդ եկեղեցւոյ զանգը քաղաքացիական պատերազմի դժուարին օրերուն փոխադրուած էր Լէյլաւան, եւ երբ զանգը հնչէ, մեզ կը հրաւիրէ ո՛չ միայն եկեղեցի, այլեւ` մեր պատմութեան, արժէքներուն եւ ակունքին: Սրբազանը յանձնարարեց, որ ամէն կիրակի եկեղեցին դառնայ հաւատացեալներուն հաւաքավայրը եւ կենդանի մարմինը, բ) «Գարակէօզեան» դարմանատունը վերաբացուեցաւ: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այդ դարմանատունը սենեակ մը կամ հաստատութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն է, որուն նպատակը միայն բարեսիրական կամ առողջապահական օգնութիւն տրամադրել չէ, այլ նաեւ անհանգիստ մարդուն ֆիզիքական առողջութիւն տալով նաեւ հոգեւոր առողջութիւնը երաշխաւորելու յանձնառութիւն է: Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ «Գարակէօզեան»-ի առաքելութիւնը շրջանին մէջ ըլլայ արդիւնալից եւ ժողովուրդը օգտուի այս ծառայութենէն, աւելցնելով, որ ինչ որ կը կատարենք շրջանին մէջ, կատարած կ՛ըլլանք համայն լիբանանահայութեան անունով եւ անոր համար:

«Ես այսօր Լէյլաւանէն իմ բարձր գնահատանքս կը յայտնեմ ամբողջ լիբանանահայութեան, որովհետեւ յատկապէս անցնող շաբթուան ընթացքին լիբանանահայութիւնը հոգիով ցոյց տուաւ «Ռատիոթոն»-ի ճամբով, թէ մենք Հայաստանի եւ Արցախի հետ ենք: Լիբանանահայութիւնը գործով ցոյց տուաւ Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»-ին ճամբով, թէ մենք հայ ազգային վարժարաններու եւ մեր աշակերտութեան հետ ենք: Այսօր, այստեղ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան, եկեղեցւոյ դրան նորոգութեան, «Գարակէօզեան»-ի դարմանատան բացումով լիբանանահայութիւնը եկաւ ըսելու, թէ մենք յառաջատեսիլ ժողովուրդ ենք եւ ոչ թէ յուսահատ եւ ճահճացած ներկայութիւն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ ուր որ շարժում, զօրութիւն, աշխատանք, նուիրում կայ, հոն անպայմանօրէն յաջողութիւն կայ` մաղթելով, որ մեր ժողովուրդի զաւակները այդ յաջողութեան կերտումին եւ վայելքին մասնակից դառնան եւ անոր սեփականացումով իրենք զիրենք հպարտ եւ գոհացած զգան: